Որոնել

2024.07.05 Khalil Gibran poeta Libanese

Արեւելքի նշանաւոր Մարգարէն եւ անոր խաղաղութեան երգը՝ աշխարհին

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնը նոյնպէս կեցած է Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանի արձանը, որու պատուանդանին աշխարհի տարողութեամբ նշուող իր 140-ամեակի առթիւ յաճախ թարմ ծաղիկներ կ՚ըլլային:

Լիբանանցի եւ ամերիկացի աշխարհահռչակ գրող, իմաստասէր եւ նկարիչ Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանի 140-ամեակը ամբողջ տարի մը (2023-2024) նշուեցաւ ո՛չ միայն իր ծննդավայր Լիբանանի եւ ապրած երկրի՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, այլեւ՝ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ ոգեկոչուեցաւ յիշատակը Արեւելքի մեծագոյն այս իմաստասէրի: Անոր փիլիսոփայութիւնը դադրած է զուտ արեւելեան իմաստասիրութիւն ըլլալէ եւ դարձած է համամարդկային, կը սնանէ միտքեր, հոգիներ: Իր արձանները եւ անուանակոչումները ամէնուր են աշխարհի մէջ:

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնը նոյնպէս կեցած է Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանի արձանը, որու պատուանդանին աշխարհի տարողութեամբ նշուող իր 140-ամեակի առթիւ յաճախ թարմ ծաղիկներ կ՚ըլլային:

Ճըպրան Խալիլ Ճըպրան ծնած է 1883 թուականին՝ լիբանանեան Պշարի քաղաքը՝ որ այդ ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան կը պատկանէր: Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի քահանայէն, անոր քով սորված է կարդալ ու գրել արաբերէն եւ ուսումնասիրած է Սուրբ Գիրքը: Պզտիկ տարիքին մօր եւ ընտանիքի միւս զաւակներուն հետ ԱՄՆ փոխադրուած է, բայց պատանի տարիքին կրկին դարձած է Լիբանան՝ Իմաստութեան դպրոցին մէջ ուսումը շարունակելու: Ճըպրան Խալիլ Ճըպրան յետոյ Փարիզ անցած է, կրկին ԱՄՆ, նշանակալի գրական գործունէութիւն ունեցած է մաւանանդ արաբերէնը եւ արաբական գրականութիւնը տարածելու առումով, բայց հիմնականը ստեղծագործած է, այն ալ երկու լեզուով՝ արաբերէն եւ անգլերէն: Փիլիսոփայ գրողը ապրած է ընդամենը 48 տարի, սակայն ձգած է գրական հարուստ ժառանգութիւն՝ արձակ, չափածոյ:

Իր գլուխ գործոցը, անշուշտ «Մարգարէն» է՝ համաշխարհային գրականութեան գանձերէն մին, որ թարգմանուած է գրեթէ բոլոր լեզուներով: Այս գործին մէջ Ճըպրան Խալիկ Ճըպրան ինքնատիպ բանաստեղծական ոճով եւ ճոխ լեզուով կը պատմէ ընկերային եւ բարոյական կեանքի, ինչպէս նաեւ հաւատքի ու հոգեւոր արժէքներու մասին:

Գիրքի հերոսը՝ Մարգարէն է, «ընտրեալ» Ալ Մուսթաֆան, որ պիտի լքէ Օրֆալիս քաղաքը, եւ այս առիթով, զինք հրաժեշտ տալու եկած բազմութեան կը խօսի սիրոյ եւ ամուսնութեան, զաւակներու, աշխատանքի, ցաւի, ուրախութեան, տրտմութեան, առեւտուրի, օրէնքի, ազատութեան, բանականութեան, ցանկութեան, չարի, կրօնի եւ կեանքի գրեթէ բոլոր իրողութիւններու մասին, եւ մարդը կը մղէ ինքնաճանաչման: «Մարգարէն» գիրքը մինչեւ հիմա կը թարգմանուի, կը մեկնաբանուի, եւ արժէքաւոր նկատուած է այն իմաստով, որ կու գայ կարծրատիպերը կոտրելու եւ հոգեկան ու բարոյական նո՛ր արժէքներով մարդ մը կերտելու:

Գրողի 140-ամեակին հետ միաժամանակ լրացաւ նաեւ 100-ամեակը «Մարգարէն» գիրքի հրատարակութեան: Քսանվեց արձակ առակներէ կազմուած գիրքը գրողը գրած է անգլերէն, հրատարակուած է 1923 թուականին, յետոյ զայն թարգմանուած եւ տարածուած է աշխարհով մէկ: Հայերէն (արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն) քանի մը թարգմանութիւններ եղած են:

Աղբիւրը` Արեւելք 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2024, 08:35