Որոնել

Ֆրանսայի դեսպանը նախագահ Խաչատուրեանի հետ Ֆրանսայի դեսպանը նախագահ Խաչատուրեանի հետ 

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի Դեսպան Տըքոթինյի հաստատեց, որ Արցախի հայերը իրենց հայրենիքը վերադառնալու իրաւունք ունին

Ան այս հաստատումը կատարեց հակադարձելով Հոլանտայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանի խօսքերուն
Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի «Էքս»-ի վրայ պատասխանած է Նետերլանտներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆայեւի` հայերու եւ բռնագրաւուած Արցախի մասին մեկնաբանութիւններուն, որոնք ան կատարած էր, երբ «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավարը Փարիզի մէջ Ողիմպիական խաղերու բացման ժամանակ Հայաստանի հաւաքականի ներկայացման ժամանակ խօսած էր Արցախի անկման մասին:

«Եւ, ի հարկէ, մեր հայ ընկերները… Հայաստանը պատմականօրէն ֆրանսացիներու սրտին մօտիկ երկիր է: Անցեալ տարին հայ ժողովուրդի համար սուգի եւ Ազրպէյճանի ձեռքերուն մէջ յայտնուած Լեռնային Ղարաբաղի անկման տարի դարձաւ», ըսած է հաղորդավարը հայ մարզիկներու տողանցքին ժամանակ:

Նետերլանտներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպանը անոր արձագանգելով գրած էր. «Հայերը, ի հարկէ, ձեր ընկերներն են: Սակայն ոչ թէ սկսած է Ղարաբաղի «անկումը», այլ սկսած է անոր նորացումն ու վերածնունդը, կը բացուին անոր հրաշալի հեռանկարները: Եւ եթէ հայերը «լաւ տղաներ» են, ապա անոնք պիտի կարենան օգտուիլ այդ հեռանկարէն»:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպանը անոր արձագանգած է. «Պարո՛ն դեսպան, օրէնքի մէջ ձեր նշած «լաւ տղաներ» չկան: Լեռնային Ղարաբաղի հայերը միջազգային դատարանի կողմէ ճանչցուած իրաւունքներ ունին` սկսած վերադարձի իրաւունքէն: Իսկ դատարանի որոշումները պարտադիր են»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2024, 07:59