Որոնել

ARMENIA-CHRISTMAS-REFUGEES

Սոպհանի. «Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կամաւոր չեն լքած իրենց տուները, սակայն յոյս ունինք, որ այնպիսի պայմաններ կը ստեղծուին, որ անոնք կամաւոր վերադառնան»

Մեր դիրքորոշումը Ղարաբաղի բնակիչներու իրաւունքներուն վերաբերեալ յստակ է: Մենք կը ճանչնանք Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ատիկա կ՛ընդգծենք, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը նկատենք, որ Ղարաբաղի հայ բնակիչներու իրաւունքները պէտք է յարգուին: Այդ հարցը վէրքի նման է, եւ այդ վէրքը պէտք է բուժուի: Եւ եթէ այդ վէրքը չբուժուի, հաւանական է, որ դարձեալ բացուի:
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրեր

Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը ոչ կամաւոր կերպով լքած է իր հայրենիքը, ուստի պէտք է պայմաններ ստեղծուին, որպէսզի անոնք կարենան կամաւոր վերադառնալ իրենց տուները: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանի` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ Իրանը` իբրեւ Հարաւային Կովկասի գլխաւոր դերակատարներէն մէկը, այս հարցի լուծումը ինչպէ՞ս կը տեսնէ, եւ պէ՞տք է արդեօք Ազրպէյճանը յարգէ արցախահայերու հաւաքական վերադարձի իրաւունքը:

«Մեր դիրքորոշումը Ղարաբաղի բնակիչներու իրաւունքներուն վերաբերեալ յստակ է: Մենք կը ճանչնանք Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ատիկա կ՛ընդգծենք, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը նկատենք, որ Ղարաբաղի հայ բնակիչներու իրաւունքները պէտք է յարգուին: Այդ հարցը վէրքի նման է, եւ այդ վէրքը պէտք է բուժուի: Եւ եթէ այդ վէրքը չբուժուի, հաւանական է, որ դարձեալ բացուի: Երբ կը խօսուի կայուն խաղաղութեան մասին, այդ վէրքն ալ պէտք է հաշուի առնել: Մենք յոյսով ենք, որ այնպէս, ինչպէս Ղարաբաղի բնակիչները ոչ կամաւոր լքած են իրենց տուները, այնպիսի պայմաններ ստեղծուին, որպէսզի անոնք կարենան կամաւոր վերադառնալ իրենց տուները», իր խօսքին մէջ նշած է Մեհտի Սոպհանի:

Այն դիտարկման, որ այսինքն` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անհրաժե՞շտ է ապահովել հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը` դեսպանը պատասխանած է.

«Բնական է` այն հիմնական պատճառը, որ անոնք լքեցին այդ տարածքը, ինքնին այդ էր, որովհետեւ չէին զգար այդ անվտանգութիւնը: Ինքս խօսած եմ ղարաբաղցիներու հետ, գաղթականները երբ եկած էին, ինքս գացի Կապան, անոնց հետ խօսեցայ: Անոնք ըսին. «Մենք կամաւոր չենք լքած մեր տուները»: Ոչ ոք կամաւոր կը լքէ իր տունը: Անոնք ըսին, որ անվտանգութիւն չեն զգացած, եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ լքած են իրենց տուները: Անոնք կամաւոր չեն եկած, սակայն յոյս ունինք, որ այնպիսի պայմաններ կը ստեղծուին, որ անոնք կամաւոր վերադառնան իրենց տուները»:

Անդրադառնալով նաեւ այն հարցին, թէ արդեօք Արցախի հայերը պէ՞տք է ինքնավարութեան որոշակի աստիճան ունենան, որպէսզի ապահովուի այդ անվտանգութիւնը, դեսպան Սոպհանի նշած է, որ այդ առումով պէտք է երկխօսութիւն եւ բանակցութիւններ ըլլան:

«Ինչպիսի՛ պայմաններ ըլլան այնտեղ` պէտք է այդ մասին երկխօսութիւն եւ բանակցութիւններ ըլլան: Եկէք մենք եւ դուք որոշում չտանք անոնց փոխարէն: Ես կը կարծեմ` իրենք պէտք է բանակցին», ըսած է դեսպանը:

Պատասխանելով ճշդող հարցումին, թէ որո՞ւ միջեւ պէտք է կատարուին այդ բանակցութիւնները, դեսպանը շեշտած է, որ ատիկա երկու կողմերու համաձայնութեան հարց է:

«Թէ ատիկա ինչպէ՞ս պիտի սկսի` երկու կողմերու համաձայնութեան հարց է: Նպատակը պէտք է ըլլայ ձեր ըսած անվտանգութեան եւ անոնց իրաւունքներուն հասնիլը», ընդգծած է դեսպան Մեհտի Սոպհանի:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2024, 08:12