Որոնել

ARMENIA-AZERBAIJAN-KARABAKH-CONFLICT

Արցախի պատանիներն ալ իրաւունքներ ունին

Մանուկներու եւ պատանիներու բնականոն եւ առողջ զարգացումը կարեւոր է միջավայրին համար, որովհետեւ եթէ կ՛ուզենք ունենալ արդար, ծառայող, մաքուր, աշխատող եւ որակաւոր սերունդ, ապա պէտք է հաւաքաբար պաշտպանենք եւ հետապնդենք մանուկներուն եւ պատանիներուն իրաւունքները, որպէսզի անոնք ունենան բնականոն աճ եւ զարգացում, եւ որպէսզի անոնք վաղը նպաստեն միջավայրի զարգացման:

Մանուկներու միջազգային օրը առաջին անգամ նշուած է 1925-ին, Ժընեւի մէջ մանուկներու նուիրուած համաժողովի ընթացքին: 1950-էն սկսեալ 1 յունիսը ճշդուած է Մանուկներու միջազգային օր, որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի: Այս օրը առիթ է նշելու մանուկներու եւ պատանիներու իրաւունքները:

Այս օրը առիթ է յիշելու ու լսելու այն պատանիներուն ձայնը, որոնք զրկուած են նուազագոյն իրաւունքներէ, որոնք` մօտիկ անցեալին եւ այսօր պատերազմներու անընդունելի պայմաններու զոհն են, որոնք` տուներուն մէջ հանգիստ պայմաններու մէջ չեն ապրիր, որոնք` կրթութենէ զրկուած են, բնակարան չունին, սնունդ ապահովելու խնդիր ունին:

Մենք` լիբանանահայ պատանիներս, կը դատապարտենք մօտիկ անցեալին Ազրպէյճանի շրջափակումը մեր հայրենիքի կարեւոր մէկ հատուածին, երբ արցախցի պատանիներ դիմագրաւեցին բազմատեսակ դժուարութիւններ: Արցախցիներն ալ, աշխարհի բոլոր պատանիներուն նման, իրաւունք ունին ապրելու իրենց բնակավայրերուն ու հայրենիքին մէջ` խաղաղ, առողջ, ապահով ու հանգիստ:

Մանուկներու եւ պատանիներու բնականոն եւ առողջ զարգացումը կարեւոր է միջավայրին համար, որովհետեւ եթէ կ՛ուզենք ունենալ արդար, ծառայող, մաքուր, աշխատող եւ որակաւոր սերունդ, ապա պէտք է հաւաքաբար պաշտպանենք եւ հետապնդենք մանուկներուն եւ պատանիներուն իրաւունքները, որպէսզի անոնք ունենան բնականոն աճ եւ զարգացում, եւ որպէսզի անոնք վաղը նպաստեն միջավայրի զարգացման:

ԲԱՐՏԻ ՈՒՐԷԼԵԱՆ

 

Մեր Ինքնութեան Տէր Ըլլանք

Միշտ ալ կը լսենք «ինքնութիւն» բառը, որ շատ կը գործածուի, եւ կը թուի, որ սովորական ու պարզ բառ մըն է, բայց խորքին մէջ այդպէս չէ:

Ինքնութիւնը հաւաքականութեան մը յատկանիշներուն մէկտեղումն է, հաւաքածոն է, որ մէկ ամբողջութիւն է: Ինքնութիւնը ճանչնալը մեծապէս կ՛օգնէ, որ հասկնանք, թէ մենք ո՛վ ենք, ուրկէ՛ եկած ենք, ի՛նչ արժէքներ ունինք, ի՛նչ ըրած ենք, ի՛նչ խնդիրներ ու տեսլականներ ունինք, ո՛ւր կ՛երթանք, եւ այս բոլորին մէջ մենք ինչ ընելիք ունինք:

Իսկ ինքնութեան կազմաւորումը կը սկսի փոքր տարիքէն, եւ այստեղ կարեւոր է, որ պատանեկան տարիքին պատանիները մօտէն ծանօթանան իրենց ինքնութեան, որպէսզի ունենան ազգային նկարագիր:

Ինքնութիւն ունենալը եւ հաւաքական նպատակներու ծառայելը կ՛օգնեն, որ մեր անհատական «ես»-ը զատենք հաւաքականէն եւ ծառայենք ընդհանուրին շահերուն` բոլորի՛ն, ազգին ու ժողովուրդին:

Մեր ինքնութիւնը յաւերժութիւն է, որ եկած է դարերու խորերէն, եւ մենք պէտք է տէր կանգնինք, որպէսզի մեր ազգը ապրի…

ՅԱԿՈԲ ԱՆՏՈՆԵԱՆ

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2024, 08:46