Հայաստան կը ծրագրէ մշտական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն հիմնել Կիպրոսի մէջ. Միրզոյեան
Յուլիս 29-ին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի աշխատանքային այցը Կիպրոս մեկնարկած է Կիպրոսի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու տարեկան համաժողովին նախարար Միրզոյեանի մասնակցութեամբ։ Վերջինս կայացած է Կիպրոսի ԱԳ նախարարի հրաւէրով, միջոցառման ներկայ եղած են շուրջ 50 դեսպաններ, ինչպէս նաեւ ԱԳՆ ղեկավար կազմը։
Նախարար Միրզոյեանը հանդէս եկած է ներածական խօսքով, որմէ ետք պատասխանած է ներկաներուն հետաքրքրող շարք մը հարցերու։
ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է Կիպրոսի նախարարին հրաւէրի համար, որ առաջինն է իր ձեւաչափով։ Արարատ Միրզոյեանն ընդգծած է. «Կիպրոսի հետ մենք վայելում ենք գերազանց յարաբերութիւններ եւ կարող ենք առանց կասկածի արձանագրել, որ մեր համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներում արդէն հասել է ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի։ Արտասովոր է համագործակցութեան դինամիկան եւ միմեանց դիրքորոշումների խոր ըմբռնումը։ Իմ գործընկեր նախարար Կոմբոսի հետ մենք պայմանաւորուել ենք լրացուցիչ խթանել համագործակցութիւնը, եւ Հայաստանը ծրագրում է մշտական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն հիմնել Կիպրոսում։ Կարծում եմ, որ դա նոր հնարաւորութիւններ կը տայ շարունակել համադրել ջանքերը եւ ընդլայնել համագործակցութեան շրջանակները»:
Հաջորդիւ նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է ՀՀ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները, ատոնց կեանքի կոչման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը, ժողովրդավարական բարեփոխումները, միջազգային գործընկերներու հետ համագործակցութիւնը։
Արարատ Միրզոյեան մատնանշած է նաեւ առկայ մարտահրաւէրները, որոնք կը կրեն նաեւ տարածաշրջանային բնոյթ։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացներուն, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի վերջնականացման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն եւ կնքման կարեւորութեան։ Ներկաներու ուշադրութեան ներկայացուած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրի իրականացման միջոցով ընձեռնուելիք հնարաւորութիւնները։
Հանգամանալից անդրադարձ կատարուած է ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան յաւակնոտ օրակարգին, վերջին շրջանին արձանագրուած ձեռքբերումներուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն ու հեռանկարներուն։
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ բազմակողմ հարթակներու վրայ Հայաստանի եւ Կիպրոսի փոխգործակցութեան հարցերու շուրջ։
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ