Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան Հիմնադրամէն պիտի ստանայ 10 միլիոն եւրոն. Հունգարիան վերցուցած է արգելքը
Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն 10 միլիոն եւրօ պիտի ստանայ. Հունգարիան վերցուցած է այս օգնութեան վրայ իր դրած արգելքը: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են Եւրոպական Միութենէն դիւանագիտական աղբիւրներ:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, «միութեան անդամ բոլոր երկիրները այլեւս պատրաստ են կանաչ լոյս տալու, եւ կ՛ակնկալուի, որ նախագիծը նախ պիտի հաստատուի 17 յուլիսին` անդամ երկիրներու դեսպաններու, ապա 22 յուլիսին` արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ընթացքին»:
Հունգարիան ապրիլին վեթօ դրած էր նախագիծին վրայ` պահանջելով, որ Ազրպէյճանը եւս Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն օգնութիւն ստանայ:
Ըստ «Ազատութիւն» կայանի աղբիւրներուն, Պուտափեշտի այդ առաջարկը չէ ընդունուած, սակայն փակուղիէն դուրս գալու համար ընտրուած է փոխզիջումային տարբերակ` Պաքուի գումար պիտի տրամադրուի ոչ թէ այս հիմնադրամէն, այլ առանձին` ականազերծման աշխատանքներու համար:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ