Հարաւային արուարձաններու վրայ անօդաչու սարքով Իսրայէլեան յարձակում մը թիրախ դարձուց Հըզպալլայի զինուորական պատասխանատուի մը բնակարանը
Երէկ` երեքշաբթի, 30 յուլիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը շուրջ 19:45-ին, Պէյրութի Հարաւային արուարձանները ցնցեցին քանի մը պայթումներ:
Շուտով յայտնի դարձաւ, որ պատահածը իսրայէլեան յարձակում մըն էր, որ թիրախ դարձուց բնակելի շէնք մը` Հըզպալլայի Շուրայի խորհուրդի կեդրոնատեղիին մօտ:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, յարձակումը կատարուած էր անօդաչու թռչող սարքի միջոցով, որ արձակած էր 2 հրթիռ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, հաղորդեց, որ Հարաւային արուարձաններուն վրայ կատարուած յարձակումը թիրախաւորած է Հըզպալլայի բարձրաստիճան ղեկավարներէն մէկը, որուն ճակատագիրը տակաւին յստակ չէ:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Ավիխայ Ատրահի յայտարարեց. «Ճշգրիտ կերպով հարուածեցինք Մաժտալ Շամսի փոքրիկներուն սպանութեան պատասխանատուն, որ նաեւ բազմաթիւ իսրայէլացիներ սպաննած է»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ իսրայէլեան բանակը կատարած է իր խոստումը հարուածելու Հըզպալլան` անօդաչու սարքի արձակած երկու հրթիռներու միջոցով հարուածելով Հըզպալլայի ապահովական պատասխանատուներէն Ֆուատ Շըքըրի (ծանօթ` Հաժ Մոհսեն կեղծանունով) բնակարանը: Ֆուատ Շըքըր Հըզպալլայի հրթիռային բաժանմունքի պատասխանատուն է: Անոր ճակատագիրը մնաց անյստակ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կասկած յայտնեցին, որ ան սպաննուած ըլլայ յարձակման ընթացքին:
Հարաւային արուարձաններուն վրայ կատարուած այս յարձակումը ահաւոր քանդում պատճառեց: Յարձակումը պատճառեց նաեւ 1 զոհ եւ 17 վիրաւոր:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը իր լուրերը քաղելով ապահովական աղբիւրներէ հաղորդեց, որ իսրայէլեան յարձակումը ձախողած է եւ չէ կրցած սպաննել Ֆուատ Շըքըրը:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ