Ըստ «Պի. Պի. Սի.»-ի հետաքննութեան. հարաւային Լիբանանի մէջ աւելի քան 3200 տուներ քանդուած են եւ աւելի քան 90 հազար մարդիկ իրենց տուներէն հեռացած
«Պի.Պի.Սի.»-ի կատարած մէկ հետաքննութիւնը անդրադարձաւ 9 ամսուան վրայ երկարած կռիւներէն ետք Հարաւային Լիբանանի եւ հիւսիսային Իսրայէլի գիւղերուն հասած վնասներուն: Արբանեակային լուսանկարները, ռատարի լուսանկարներն ու զինուորական գործունէութիւններու արձանագրութիւնները ցոյց տուած են, որ ամբողջ հասարակութիւններ գաղթած են, հազարաւոր շէնքեր եւ Իսրայէլ-Լիբանան սահմանին վրայ լայն տարածքներ վնասուած են:
ՄԱԿ-ը նշած է, որ Լիբանանի վրայ յարձակումները աւելի քան 90 հազար անձի ստիպած է լքել իր տունը, 100 քաղաքայիններ եւ Հըզպալլայի 366 անդամներ մահացած են, իսկ Իսրայէլի մէջ 60 հազար քաղաքայիններ իրենց տուները լքած են, մահացած են 33 անձեր, որոնցմէ 10-ը` քաղաքայիններ:
Լիբանանի մէջ սահմանամերձ շրջաններուն աւելի քան 60 առ հարիւրը վնասներ կրած է եւ աւելի քան 3200 շէնքեր վնասուած են: Ամէնէն շատ վնասուած են Այթա Շաապ, Քֆարքիլա եւ Պլիտա գիւղերը: Այթա Շաապ գիւղը հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր 299 անգամ յարձակումի ենթարկուած է, Քֆարքիլան` աւելի քան 200 անգամ, իսկ Պլիտան` շուրջ 130 անգամ:
Հիւսիսային Իսրայէլի մէջ մինչեւ 23 յունիս 1016 շէնքեր վնասուած են: Իսրայէլի մէջ շուրջ 55 քառակուսի քիլոմեթր վնասուած է, իսկ Լիբանանի մէջ 40 քառակուսի քիլոմեթր:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ