Յառաջիկայ աշնան. Մայր Աթոռի մէջ Միւռոնի օրհնութիւն տեղի պիտի ունենայ
Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ կը պահուի Միւռոնի օրհնութեան 130-ամեայ կաթսան։ Այն ձուլուած է 19-րդ դարու վերջը, մոսկովեան յայտնի արհեստանոցներէն մէկուն մէջ:
Նոր Նախիջեւանցի վաճառական Գասպար Յարութիւնեան-Կարապետօղլեանը 1895 Յունուար 1-ին կաթսան նուիրած է Մայր Աթոռին։ Առաջին անգամ այս կաթսային մէջ միւռոն օրհնած է Խրիմեան հայրիկը՝ 1897 Սեպտեմբեր 14-ին:
Կաթսայի վրայ պատկերուած են Քրիստոսի մկրտութիւնը Ս. Յովհաննէս Մկրտչի ձեռքով, Աբգար արքայի մկրտութիւնը Ս. Թադէոս առաքեալի կողմէ, արքայական ընտանիքի մկրտութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռամբ, Միածին Որդու էջքը, Մայր տաճարը եւ հոգեգալուստը: Կաթսայի գծագրութեան ծախսերը հոգացած է Յարութիւն Եզեանց, իսկ կաթսայի վրայի ձուլածոյ կաղապարները պատրաստուած են Սերովբէ Յարութիւնեանի տպարան-գործատան մէջ:
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ