Որոնել

Արցախէն տեղահանուածներ Արցախէն տեղահանուածներ 

Փորթանթինօ, Ուիլք եւ այլ ծերակուտականներ Արցախէն բռնագաղթած անձերուն աջակցելու եւ գերիներու ազատ արձակումին նպաստելու կոչ ըրին Սպիտակ Տան

Քալիֆորնիա նահանգի Ծերակոյտը եւս կոչ ըրած էր Ուաշինկթընին՝ ապահովելու Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով բանտարկուած պահուող բոլոր հայ գերիներուն ազատ արձակումը։

Քալիֆորնիա նահանգի Ծերակոյտի անդամներ Էնթընի Փորթանթինօ, Սքաթ Ուիլք եւ Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբի անդամ նահանգային օրէնսդիրները նամակով մը դիմեցին Սպիտակ տան՝ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմէն պահանջելով յաւելեալ մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրելու Արցախէն բռնի կերպով տեղահանուած հայերուն եւ ապահովելու Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով բանտարկուած պահուող բոլոր հայ գերիներուն ազատ արձակումը։

Նամակին մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ քայլեր պէտք է առնուին պատասխանատուութեան ենթարկելու Արցախի մէջ ցեղասպանութիւն իրականացուցած Պաքուի իշխանութիւնները եւ պէտք է առաջքը առնել Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի նոր ոտնձգութիւններուն։

Աւելի կանուխ, Քալիֆորնիա նահանգի Ծերակոյտը եւս կոչ ըրած էր Ուաշինկթընին՝ ապահովելու Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով բանտարկուած պահուող բոլոր հայ գերիներուն ազատ արձակումը։

Նշենք, որ Հոկտեմբեր 2022ին, Քալիֆորնիա այցելող Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան այցելած էր Փորթանթինոյի Կլենտէյլի գրասենեակը։ Բաբայեան ներկայիս Պաքուի մէջ պահուող գերիներէն մէկը կը հանդիսանայ։ Անսալով այդ օրերուն Արցախի մարդկային իրաւանց պաշտպան Արտակ Բեգլարեանի հրաւէրին՝ Փորթանթինօ 2021ին Արցախ այցելեց, հանդիսանալով 44օրեայ պատերազմէն ետք հոն այցելած նահանգային կամ դաշնակցային առաջին պաշտօնատարը, ականատես դառնալով ատրպէյճանական բարբարոսութիւններու հետեւանքներուն։

Աւելցնենք, որ Փորթանթինօ ատենապետն է Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի եւ մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբին։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2024, 08:00