Որոնել

Marine Le Pen reacts after French elections

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ Խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին փուլը

Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններու արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք` 9 յունիսին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց, որ կը լուծարէ խորհրդարանը եւ արտահերթ ընտրութիւններու կը նախաձեռնէ:

Ֆրանսայի մէջ երէկ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին փուլը տեղի ունեցաւ: Երկրորդ փուլը 7 յուլիսին պիտի կատարուի:

577 աթոռի համար պայքարող թեկնածուները կրնան ընտրուիլ առաջին փուլին, եթէ ստանան ձայներու բացարձակ մեծամասնութիւնը իրենց ընտրատարածքին մէջ, սակայն ատիկա հազուադէպ տեղի կ՛ունենայ: Վարչական շրջաններու մեծ մասին համար պիտի պահանջուի երկրորդ փուլ, որուն մէջ պիտի ներգրաւուին բոլոր թեկնածուները, որոնք ստացած են առնուազն 12,5 տոկոս քուէ առաջին փուլին, կը գրէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Երկրորդ փուլին յաղթողը պիտի ըլլայ ան, որ պիտի հաւաքէ առաւելագոյն աջակցութիւն:

Քաղաքական կուսակցութեան կամ դաշինքին անհրաժեշտ է առնուազն 289 աթոռ` խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ապահովելու համար:

Հիմնական մրցակից ուժերն են ծայրայեղ աջ «Ազգային միաւորումը» եւ ձախ կուսակցութիւններու նորաստեղծ «Նոր ժողովրդական ճակատը»:

Քարոզարշաւը աննախադէպօրէն կարճ տեւեց` առաջին փուլին համար ընդամէնը 12 օր:

Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններու արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք` 9 յունիսին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց, որ կը լուծարէ խորհրդարանը եւ արտահերթ ընտրութիւններու կը նախաձեռնէ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2024, 08:30