Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի արտահերթ ընտրութիւններուն յաղթած է «Աշխատաւորական» կուսակցութիւնը
Միացեալ Թագաւորութեան մէջ խորհրդարանի արտահերթ ընտրութիւններուն յաղթած է Աշխատաւորական կուսակցութիւնը՝ Քիր Սթարմըրի գլխաւորութեամբ, հաւաքելով Համայնքներու պալատի ձայներու մեծամասնութիւնը: Այսպիսով՝ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ պահպանողականներու 14-ամեայ կառավարումն աւարտած է:
Ձայներու հաշուարկը դեռ չէ աւարտած բոլոր ընտրատարածքներուն մէջ, սակայն աշխատաւորականները արդէն պաշտօնապէս յաղթած են անոնցմէ 410-ին մէջ՝ մեծամասնութիւն ապահովելով 650 մանթատ ունեցող համայնքայինպալատին մէջ:
Նախնական արդիւնքով՝ լիպերալ-դեմոկրատները յաղթած են 70 ընտրատարածքի մէջ, պահպանողականները՝ 116-ի:
Գործող վարչապետ Ռիշի Սունաքը նոյնպէս կրցած է վերընտրուիլ Ռիչմոնտ եւ Նորթալերթըն կոմսութեան մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, ան խոստովանած է, որ պահպանողականները պարտուած են: Սունաք շնորհաւորած է Սթարմըրը յաղթանակի կապակցութեամբ:
«Այսօր իշխանութեան փոխանցումը տեղի պիտի ունենայ խաղաղ եւ կարգաւորուած ձեւով, բոլոր կողմերու բարի կամքով։ Սա պէտք է բոլորիս վստահութիւն տայ մեր երկրի կայունութեան եւ ապագայի նկատմամբ։ Մեծ Բրիտանիոյ ժողովուրդն այսօր սթափեցնող որոշում կայացուցած է: Շատ բան կայ սորվելու, եւ ես իմ վրայ կը վերցնեմ պարտութեան պատասխանատւութիւնը»,- յայտարարած է Սունաք:
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ