Քոնկրեսէն Դեմոկրատականներ կը պատրաստուին Պայտընը նախագահական ընտրապայքարէն հեռանալ համոզելու
Քոնկրեսի դեմոկրատական անդամներ կը պատրաստուին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը նախագահական ընտրապայքարէն հեռանալ համոզելու: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով աղբիւրներ:
Ըստ լրատու գործակալութեան, Ներկայացուցիչներու տան անդամ 25 դեմոկրատականները կը պատրաստուին Պայտընին կոչ ուղղելու` Տանըլտ Թրամփի հետ չափազանց վատ պատկերասփռուած բանավէճէն ետք նախագահական ընտրապայքարէն հեռանալու:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ Քոնկրեսի դեմոկրատական շարք մը անդամներ նաեւ կը մտածեն նոյն հարցին շուրջ Պայտընին նամակ մը յղելու մասին:
«Ռոյթըրզ»-«Էփսուս» հարցախոյզի մը արդիւնքը ցոյց տուաւ, որ դեմոկրատական քուէարկողներուն մէկ երրորդին կարծիքով` Պայտըն պէտք է հեռանայ ընտրապայքարէն, սակայն հարցախոյզին համաձայն, բարձրաստիճան դեմոկրատականներէն ոչ ոք պիտի կարենայ պարտութեան մատնել Թրամփը: Հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Թրամփն ու Պայտընը կը պահպանեն արձանագրուած քուէարկողներու 40 առ հարիւրին աջակցութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ բանավէճէն ետք Պայտընի ժողովրդականութիւնը անկում չէ կրած:
Հարցախոյզին առաջարկած դեմոկրատական այլընտրանքային թեկնածուներէն միայն նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի կինը` Միշել Օպաման գերազանցած է Թրամփը` վերջինիս 39 առ հարիւր զօրակցութեան դիմաց ապահովելով հարցախոյզի մասնակիցներուն 50 առ հարիւրին զօրակցութիւնը: Միշել Օպամա, սակայն, քանի մը անգամ յայտնած է, որ մտադիր չէ նախագահական ընտրութեան թեկնածու ներկայանալու: Ըստ հարցախոյզին, Թրամփ մէկ կէտով կը գերազանցէ փոխնախագահ Քամալա Հարիսը` 43-42 առ հարիւր, իսկ այդ մէկ կէտը արդէն հարցախոյզի 3,5 առ հարիւրի հասնող սխալի հաւանականութեան սահմաններուն մէջ է:
Հարցախոյզին մասնակից դեմոկրատական քուէարկողներու 32 առ հարիւրին կարծիքով` Պայտըն պէտք է դուրս գայ նախագահական ընտրապայքարէն:
Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի կատարած հարցախոյզին, Թրամփի նկատմամբ զօրակցութեան համեմատութիւնը 49 առ հարիւր է, իսկ Պայտընինը` 43 առ հարիւր:
Սպիտակ տան ղեկավարը Ուաշինկթընի մօտ դեմոկրատական նուիրատուներու հետ ժողովի ընթացքին յայտնեց, որ Թրամփի հետ անցեալ հինգշաբթի տեղի ունեցած բանավէճին մէջ իր վատ ելոյթին պատճառը արտասահմանեան այցելութիւններու պատճառով յոգնութիւնն էր: «Բանավէճէն կարճ ժամանակ առաջ քանի մը անգամ աշխարհի շուրջ ճամբորդած ըլլալս իմաստուն գործ չէր», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Անկէ (բանավէճէն «Ա.») առաջ քիչ մը հանգչելու խումբին ցուցմունքներուն ականջ չտուի եւ քիչ մնաց բեմին վրայ քունի անցնէի»:
Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քարըն Ժան Փիեռ յայտնեց, որ Սպիտակ տան մէջ կը հասկնան հանրութեան անհանգստութիւնը նախագահի ելոյթէն ետք, սակայն Պայտըն չի պատրաստուիր դուրս գալ նախագահական ընտրապայքարէն:
Ան պնդեց, որ Սպիտակ տան ղեկավարը բանավէճի օրը որեւէ դեղ չէ առած, սակայն միեւնոյն ժամանակ ընդունած է Պայտընի տարիքոտ ըլլալու եւ դանդաղկոտութեան փաստը` աւելցնելով, որ ամերիկեան վարչակազմին մէջ ոչ ոք ոչինչ կը թաքցնէ նախագահի վիճակին մասին:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ