Որոնել

Ամերիկեան ռազմակայան Ամերիկեան ռազմակայան 

Եւրոպայի մէջ Ամերիկեան ռազմակայանները բերուած են մարտական պատրաստութեան

Ըստ ամերիկեան բանակին, այս մակարդակը կ՛օգտագործուի, «երբ միջադէպ տեղի կ՛ունենայ կամ կայ հետախուզական տեղեկութիւն, որ կը վկայէ զինուորական անձնակազմի կամ ռազմակայաններու վրայ յարձակման կամ ահաբեկչութեան հաւանականութիւն»:

Եւրոպայի տարածքին մէջ գտնուող ամերիկեան շարք մը ռազմակայաններ 29 եւ 30 յունիսին բերուած են մարտական պատրաստութեան:

Ռազմակայաններու ուժային պաշտպանութեան մակարդակը բարձրացուած է երկրորդ աստիճանի` առնչուած այն մտավախութիւններուն, թէ ամերիկեան զօրքերը կամ ռազմակայանները կրնան ենթարկուիլ ահաբեկչական յարձակումի: Այս մասին յայտնած է «Սի.Էն.Էն.»-ը` վկայակոչելով երկու անանուն ամերիկացի պաշտօնատարներ:

Նշեալ ռազմակայաններուն մէջ, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու Շթութկարթի կայազօրը, ուր տեղակայուած է Միացեալ Նահանգներու Եւրոպական հրամանատարութիւնը, 30 յունիսին զինեալ ուժերու պաշտպանութիւնը հասցուած է «Չարլի» մակարդակի:

Ըստ ամերիկեան բանակին, այս մակարդակը կ՛օգտագործուի, «երբ միջադէպ տեղի կ՛ունենայ կամ կայ հետախուզական տեղեկութիւն, որ կը վկայէ զինուորական անձնակազմի կամ ռազմակայաններու վրայ յարձակման կամ ահաբեկչութեան հաւանականութիւն»:

«Սի.Էն.Էն.»-ի աղբիւրներէն մէկը, որ կը գտնուի Եւրոպայի ամերիկեան ռազմակայաններէն մէկուն մէջ, ընդգծած է, որ սպառնալիքի այս մակարդակը իրենց մօտ չէր յայտարարուած «առնուազն 10 տարիէ ի վեր»:

«Ատիկա կը նշանակէ, որ զինուորականները տեղեակ են գործօն սպառնալիքի մասին», ըսած է ան:

Միացեալ Նահանգներու Եւրոպական հրամանատարութեան բանբեր Տեն Տէյ մերժած է մեկնաբանել տեղեկութիւնը: Բայց եւ այնպէս ան նշած է, որ հրամանատարութիւնը «շարունակաբար կը գնահատէ բազմաթիւ գործօններ, որոնք կ՛ազդեն արտասահմանի մէջ ամերիկացի զինուորներու անվտանգութեան վրայ»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2024, 07:55