Որոնել

Վրաստանի դրօշակը Վրաստանի դրօշակը  (ANSA)

Եւրոպական Միութիւնը որոշած է կասեցնել Վրաստանի անդամակցութեան հոլովոյթը

Պրիւքսել պատրաստ է Թիֆլիսը զրկելու Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին միջոցով եւրոպական ֆինանսաւորումէն ու մատակարարումներէն, եթէ «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրէնքը չեղեալ չյայտարարուի:

Եւրոպական Միութեան ղեկավարութիւնը որոշած է կասեցնել Վրաստանի` միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Վրաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փաւել Կերչինսքի:

«Ցաւով պէտք է ըսեմ, որ (Եւրոպական Միութեան ղեկավարները) համաձայնած են կասեցնել Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը, ասիկա յստակ ըսուած է Եւրոպական խորհուրդի զեկուցումներուն մէջ», ըսած է Կերչինսքի` Թիֆլիսի մէջ միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:

Դեսպանը նաեւ նշած է, թէ տակաւին յստակ չէ` Վրաստանը պիտի ընդգրկուի՞ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման յաջորդ ալիքին մէջ, թէ՞ ոչ:

Եւրոպական Միութիւնը նախապէս չէր բացառած, որ Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը պիտի դադրեցուի` երկրին մէջ որդեգրուած վիճայարոյց «օտարերկրեայ գործակալներու» մասին օրէնքին պատճառով: Եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Ճոզեփ Պորել նաեւ ըսած էր, որ Եւրոպական Միութեան դռները Վրաստանի առջեւ փակ պիտի ըլլան, եթէ անոր կառավարութիւնը շարունակէ իր ներկայ քաղաքական ընթացքը:

Անոր համաձայն, Պրիւքսել պատրաստ է Թիֆլիսը զրկելու Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին միջոցով եւրոպական ֆինանսաւորումէն ու մատակարարումներէն, եթէ «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրէնքը չեղեալ չյայտարարուի:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2024, 08:21