Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովը որդեգրեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու եւ Հայաստանի հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ» բանաձեւը
Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովը որդեգրած է «Լեռնային Ղարաբաղի հայերու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ» բանաձեւը: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին վրայ հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արման Եղոյեան:
«Հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ազրպէյճանի 19 սեպտեմբեր 2023-ի յարձակումը, աւելի քան 100.000 հայերու բռնի տեղահանումն ու Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան շարունակական խախտումները, «Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովը` «Կոչ կ՛ուղղէ` յարգելու Հայաստանի գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը իր սահմաններուն մէջ:
«Խստօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանական զինուորական ներխուժումը եւ Ազրպէյճանի 19 սեպտեմբեր 2023-ի յարձակումը, Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ցեղային զտումը եւ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան ոչնչացումը, «Աներկբայ աջակցութիւն կը յայտնէ Հայաստանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան, «Կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման` հիմնուած տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ, ինչպէս նաեւ` 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ սահմաններու սահմանազատման, շրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման` հիմնուած գերիշխանութեան, ազգային իրաւազօրութեան, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներուն վրայ եւ, այս ծիրին մէջ, Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան», կը նշուի բանաձեւին մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ