Որոնել

Ալիեւ Մաքրոն Փաշինեան հանդիպում (Արխիւ) Ալիեւ Մաքրոն Փաշինեան հանդիպում (Արխիւ) 

Լոնտոնի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը տեղի չունեցաւ. Երեւան եւ Պաքու զիրար կը մեղադրեն

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը մասնակցին Լոնտոնի մէջ մեկնարկած Եւրոպական քաղաքական համայնքի չորրորդ վեհաժողովին:

Լոնտոնի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4րդ վեհաժողովին զուգահեռ ղեկավարներու մակարդակով Հայաստան-Ատրպէյճան հանդիպումը տապալելու համար Երեւան եւ Պաքուն զիրար կը մեղադրեն:

Նախ ատրպէյճանական կողմը պնդեց, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մերժեց Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետին մասնակցութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու հանդիպում մը իրականացնելու՝ Լոնտոնի առաջարկը:

«Հանդիպումին սկիզբը պէտք է մասնակցէր Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետը, իսկ յետոյ նախատեսուած էր շարունակել հանդիպումը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ: Հայաստանի մերժումը կը նկատենք երկխօսութենէն եւ խաղաղութեան օրակարգը յառաջ տանելու մտադրութենէն հեռանալու դրսեւորում», ըսաւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:

Շուրջ մէկ ժամ ետք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակադարձեց՝ խօսելով երկկողմ հանդիպման Երեւանի առաջարկին մասին: «Հայկական կողմն առաջարկել է Հայաստանի վարչապետի եւ Ադրբեջանի նախագահի երկկողմ հանդիպում ունենալ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի շրջանակներում, սակայն ադրբեջանական կողմը մերժել է առաջարկը: Հայկական կողմի առաջարկն ուժի մէջ է: Հայկական կողմը նաեւ վերահաստատում է իր առաջարկը՝ ինտենսիւացնել (խտացեալ դարձնել) բարձր եւ բարձրագոյն մակարդակով բանակցութիւնները եւ մէկ ամսուայ ընթացքում հասնել խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմանը», յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը մասնակցին Լոնտոնի մէջ մեկնարկած Եւրոպական քաղաքական համայնքի չորրորդ վեհաժողովին:

Առաւօտեան, Օքսֆորտի Պլենեմ պալատը հասաւ նախ Նիկոլ Փաշինեան, ապա Իլհամ Ալիեւ: Ատրպէյճանական ITV պատկերասփիւռի կայանի հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կ՛ընթանան խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները՝ Փաշինեան չպատասխանեց: Իսկ Ատրպէյճանի նախագահը արձագանգեց՝ բթամատը բարձրացնելով:

ՇԱՐԼ ՄԻՇԷԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՀԵՏ ԱՌԱՆՁԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ 

Ըստ «Ազատութեան» դիւանագիտական աղբիւրներու՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ: 

Նշենք, որ Փաշինեան եւս ընկերային ցանցերուն վրայ յայտնեց, թէ ինք Միշէլի հետ ոչ-պաշտօնական հանդիպում մը ունեցած է:

Շարլ Միշէլ Օքսֆըրտի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ, անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն եւ այդ ուղղութեամբ իր գործադրած ջանքերուն:

«Վերջին ամիսներուն տեսանք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկկողմ կապերու կարելիութիւն մը: Գիտէք, ես փորձեցի ընել կարելիս՝ Եւրոպական Միութեան անունով, դիւրացնելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ երկխօսութիւնը», ըսաւ Միշէլ:

ՊԱՅՐԱՄՈՎ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ «ԽՈՉԸՆԴՈՏՈՂ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ»

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Լոնտոնի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարի Տէյվիտ Լեմմիի հետ հանդիպումին ընթացքին ըսաւ, որ՝ «հակառակ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ զգալի յառաջընթացին, խաղաղ գործընթացին մէջ հիմնական խոչընդոտը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ պահանջներն են, որոնք կը շարունակեն մնալ Հայաստանի սահմանադրութեամբ եւ օրէնսդրական դրոյթներուն մէջ»:   

Ըստ ատրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան՝ Պայրամով նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ, Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետին նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հանդիպումի մը կազմակերպման վերաբերող ջանքերուն համար:

Աղբիւրը Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2024, 08:00