Մաժտալ Շամսի դէպքէն ետք. Իսրայէլ կը սպառնայ Հըզպալլային, իսկ Լիբանան կը զգուշացնէ շրջանային պատերազմէ
Իսրայէլ երէկ` կիրակի, 28 յուլիսին յայտարարեց, որ հիւսիսի մէջ իր ուժերու մարտական պատրաստուածութեան մակարդակը բարձրացուցած է, եւ Հըզպալլայի սպառնաց «սուղ գին» վճարել տալ Սուրիոյ բռնագրաւուած Մաժտալ Շամս տիւրզիական գիւղի մէջ արձանագրուած զոհերուն համար:
Մինչ իսրայէլեան օդուժը Պեքաայի եւ հարաւային Լիբանանի վրայ յարձակումներ գործեց, Պէյրութ զգուշացուց շրջանային պատերազմի ծագումէն: Նշենք, որ Իսրայէլ շաբաթ գիշեր Հըզպալլան մեղադրեց Մաժտալ Շամս գիւղին վրայ հրթիռային յարձակում գործելու, որուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուած է 12 զոհեր եւ 40 վիրաւորներ, որոնցմէ 17-ի վիճակը ծանր է: Զոհերը 10-էն 16 տարեկանի միջեւ եղող մանուկներ ու պատանիներ են:
Հըզպալլան, սակայն, հերքեց յարձակումին վերաբերող որեւէ պատասխանատուութիւն` իսրայէլեան ամբաստանութիւնները որակելով «սուտ պնդումներ»: Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը` մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատար մը, հաղորդեց, որ Հըզպալլայէն պաշտօնատարներ ՄԱԿ-ին մէջ, յայտնած են, թէ դէպքը հետեւանք էր իսրայէլեան հակաօդային հրթիռի մը ֆութպոլի դաշտին մէջ իյնալուն:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ երէկ առտու այցելեց Մաժտալ Շամս, Հըզպալլան պատասխանատու նկատեց տեղի ունեցածին համար եւ սպառնաց Հըզպալլայի ծանր հարուած հասցնել:
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի իր կարգին յայտնեց, որ բանակը հիւսիսի մէջ իր մարտական պատրաստուածութեան մակարդակը բարձրացուցած է` պնդելով, որ Հըզպալլային կողմէ Մաժտալ Շամսի վրայ արձակուած հրթիռը 53 քիլոկրամ մարտագլխիկով «Ֆալաք» տիպի էր: Ան նշեց, որ հակադարձութիւնը կրնայ Իսրայէլէն հեռու վայրի մէջ ըլլալ:
Հալեւի յայտնեց, որ հարկ ըլլալու պարագային Իսրայէլ ուժեղ կերպով պիտի գործէ եւ բոլոր միջոցները օգտագործէ հիւսիսի բնակիչները իրենց տուները վերադարձնելու համար:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտնեց. «Հըզպալլայի` Մաժտալ Շամսի վրայ յարձակումը բոլոր կարմիր գիծերը շրջանցեց, եւ ատոր համաձայն հակադարձութիւն պիտի ըլլայ»: «Հըզպալլայի հետ համապարփակ պատերազմին կը մօտենանք, եւ անկասկած գին մը պիտի վճարենք, սակայն կուսակցութիւնը աւելի մեծ գին պիտի վճարէ»:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս յայտարարեց. «Հըզպալլայի վրայ պատերազմէն առաջ կայ դիւանագիտական վերջին առիթ` գործադրելու թիւ 1701 որոշումը»:
Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Իթամար պեն Ղաֆիր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին կոչ ուղղեց` Հըզպալլայի վրայ անմիջապէս պատերազմ շղթայազերծելու:
Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարարը պահանջեց ահաբեկել Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սայէտ Հասան Նասրալլան, իսկ ներքին գործոց նախարար Մոշէ Արպել ըսաւ, որ Մաժտալ Շամսի վրայ յարձակումին հակադարձութիւնը հուսիներուն` Թել Աւիւի վրայ յարձակումին հակադարձութենէն նուազ պէտք չէ ըլլայ:
Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի նախկին անդամ Պենի Կանց կոչ ուղղեց «մեծ պատասխան» տալու Հըզպալլային եւ Լիբանանին` աւելցնելով, որ հիւսիսային ճակատի վրայ կացութիւնը այսպէս չի կրնար շարունակուիլ:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին յայտարարեց. «Մաժտալ Շամսի վրայ յարձակումին համար Հըզպալլան պիտի վճարէ սուղ գին մը, որուն նմանը նախապէս չէ վճարած»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ Մաժտալ Շամսի բնակիչներ յարձակեցան հրթիռային յարձակումին զոհերուն յուղարկաւորութեան մասնակցող Լիքուտ կուսակցութեան անդամներուն վրայ:
Անոնք վտարեցին նաեւ Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալէլ Սմոթրիչը` բացագանչելով. «Այստեղէն հեռացիր, ո՜վ ոճրագործ, քեզ Կոլանի մէջ չենք ուզեր»:
Լիբանանեան Կեցուածքներ
«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ յայտնեց, որ Պէյրութ Ուաշինկթընին կոչ ուղղած է` Իսրայէլը յորդորելու ինքնազսպումի:
Պու Հապիպ աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ լիբանանեան կառավարութեան կոչ ուղղած է` Հըզպալլային փոխանցելու ինքնազսպում ցուցաբերելու պատգամ մը:
Ան «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին բացառեց այն վարկածը, թէ Հըզպալլան սուրիական բռնագրաւեալ գիւղին վրայ յարձակում գործած ըլլայ, որովհետեւ հարաւի մէջ հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր Հըզպալլան երբեք քաղաքային թիրախներ չէ հարուածած, այլ միայն զինուորական: Լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը նախատեսեց, որ յարձակումը կատարուած ըլլայ այլ խմբաւորման մը կողմէ, «իսրայէլեան սխալ մըն է, կամ Հըզպալլայի կողմէ գործուած սխալ մըն է»: Ան կոչ ուղղեց` միջազգային հետաքննութիւն կատարելու կամ ՖԻՆԻՒԼ-ի ճամբով եռակողմանի յանձնախումբի ժողով գումարելու` պարզելու համար իրականութիւնը:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը երկու կողմերուն կոչ ուղղեց` թիւ 1701 որոշումի ամբողջական ու համապարփակ գործադրութեան` շեշտելով. «Լիբանանի վրայ մեծ յարձակում մը տարածաշրջանին մէջ կացութեան վատթարացման ու շրջանային պատերազմի պիտի առաջնորդէ»:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարը կոչ ուղղեցին` առաւելագոյն ինքնազսպում ցուցաբերելու:
ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Անտրէա Թինընթի «Ժազիրա»-ին յայտնեց, որ Միջազգային խաղաղապահ ուժերը կը շարունակեն կապ հաստատել լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն հետ` Կապոյտ գիծին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար:
Պլինքըն. «Կոլանի Վրայ Յարձակումէն Ետք
Մագլցում Չենք Ուզեր»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ Թոքիոյի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց, որ Կոլանի վրայ յարձակումէն ետք մագլցում չ՛ուզեր` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն Թել Աւիւի հետ յարձակումին շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ, եւ «ցուցանիշները ցոյց կու տան, որ հրթիռը արձակողը Հըզպալլան է»:
«Իր (Իսրայէլի) քաղաքացիները պաշտպանելու իրաւունքը կը շեշտեմ, եւ մեր վճռակամութիւնը` երաշխաւորելու, որ անոնք այդ մէկը կատարեն», յայտնեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Սակայն նաեւ հակամարտութեան մագլցում չենք ուզեր տեսնել: Չենք փափաքիր անոր ընդլայնումին ականատես ըլլալ»:
Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարեց. «Սպիտակ տունը կը դատապարտէ Մաժտալ Շամս գիւղին վրայ յարձակումը»:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ի յայտնեցին. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը շատ մտահոգ է, որ Մաժտալ Շամսի վրայ յարձակումը Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ համապարփակ պատերազմի կրնայ յանգեցնել»:
«Մաժտալ Շամսի վրայ յարձակումը կրնայ ըլլալ այն կայծը, որմէ կը վախնայինք, եւ որմէ 10 ամիսներէ ի վեր կը փորձէինք խուսափիլ», նշեց պաշտօնատարը:
Ըստ «Նաշրա»-ի տեղեկութեան, ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն կապ կը հաստատէ լիբանանցի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ` ներկայ լարուածութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու, զայն սահմանափակելու` «Հըզպալլայի դէմ եղող իսրայէլեան հակադարձութեամբ», նաեւ կացութիւնը վերադարձնելով իր վերահսկուած իրավիճակին: Սակայն լիբանանեան կողմը պատասխանած է. «Կոլանի դէպքին հակադարձութեան պիտակով իսրայէլեան որեւէ մեծ յարձակումի դիմաց կուսակցութեան կողմէ մեծ հակադարձութիւն պիտի ըլլայ, բան մը, որուն մասին տեղեակ պահուած է նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը»:
Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իսրայէլ Հըզպալլայի կողմէ ուժեղ յարձակումի ենթարկուեցաւ, ինչ որ պէտք չէր տեղի ունենար»` աւելցնելով. «Հըզպալլան մեզ չի յարգեր»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել շեշտեց. «Պէտք է Մաժտալ Շամսի դէպքին շուրջ միջազգային հետաքննութիւն կատարել, եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` ինքնազսպում ցուցաբերելու»:
Իրան Կը Զգուշացնէ Լիբանանի Դէմ
Իսրայէլեան Արկածախնդրութենէն
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց. «Իսրայէլեան ցեղային խտրականութեան վարչակարգը, տասը ամիս Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելէ, պաղեստինցի մանուկներ եւ կիներ սպաննելէ ետք, կ՛ուզէ շինծու բեմագրութեան ճամբով հասարակական կարծիքի ու միջազգային ընտանիքի ուշադրութիւնը շեղել Պաղեստինի մէջ գործած իր ահաւոր ոճիրներէն»:
«Լիբանանի ու տարածաշրջանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը սիոնական նախայարձակ գոյացութեան արկածախնդրութիւններէն պաշտպանելը Միջազգային ընտանիքին, մասնաւորաբար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի պարտաւորութիւնն է», ըսաւ ան:
«Սիոնական տգէտ գոյացութեան կողմէ որեւէ քայլ կրնայ ճամբան հարթել տարածաշրջանին մէջ անկայունութեան, ապահովութեան վատթարացման ու պատերազմի բոցերուն դէպի տարածք ընդլայնման: Այդ պարագային նշեալ գոյացութիւնը պիտի կրէ այդպիսի անմիտ վարմունքի մը հետեւանքներուն ու չսպասուած հակազդեցութիւններուն անխուսափելի եւ գլխաւոր պատասխանատուութիւնը», յայտնեց Քենաանի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ամերիկեան վարչակազմը յորդորեց` Իսրայէլի «ցեղասպանութեան զէնքեր» մատակարելու եւ Կազայի ու Այսրոյորդանանի մէջ պաղեստինցիներու դէմ 10 ամիսներէ ի վեր շարունակուող ոճիրներէն ետք, «այս գոյացութեան ոճրագործ վարչապետը մեծարելու» փոխարէն խաղաղութեան եւ միջազգային անվտանգութեան նկատմամբ իր միջազգային ու բարոյական պարտաւորութիւններուն տէր կանգնելու եւ «արգելք հանդիսանալու, որ սիոնական գոյացութիւնը վարէ նոր կրակներ, որոնց ճարճատիւնները պիտի հասնին սիոնականներուն:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլը զգուշացուց Մաժտալ Շամսի դէպքի պատրուակով Լիբանանի դէմ «որեւէ նոր արկածախնդրութեան դիմելէ»` զգուշացնելով, որ Լիբանանի վրայ որեւէ յարձակում կրնայ տարածաշրջանին մէջ պատերազմի յանգեցնել:
Արաբ եւ եւրոպացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»-ի յայտնած են, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներ Իրանի հետ տարածաշրջանի մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու պատգամներ փոխանակած են:
Պաշտօնատարները նշեցին, որ կողմերը հետաքրքրուած չեն հակամարտութեան ընդլայնմամբ, սակայն «սխալ մը պատահելու հաւանականութիւնը բարձր է»` աւելցնելով, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ լարուածութիւնը հանդարտեցնելու համար կապ հաստատած են Իսրայէլի եւ Լիբանանի մէջ իրենց պաշտօնակիցներուն հետ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ