12 տարի բացակայութենէ ետք. Իտալիա Սուրիոյ մէջ դեսպան նշանակեց
Իտալիան կը դառնայ «Եօթներու խմբակ»-ի առաջին անդամը, որ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը կը վերադարձնէ Դամասկոս:
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թաժանի յայտարարեց, որ իր երկիրը որոշած է Սուրիոյ մէջ դեսպան նշանակել: Իտալիա 2012-ին իր դեսպանը Դամասկոսէն տուն կանչած էր եւ առկախած դիւանագիտական յարաբերութիւնները:
Այսպիսով, Իտալիան կը դառնայ «Եօթներու խմբակ»-ի առաջին անդամը, որ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը կը վերադարձնէ Դամասկոս:
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Թաժանի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սթեֆանօ Ռաւակնանը` Սուրիոյ հարցով արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ պատուիրակը նշանակած է դեսպան, եւ կը նախատեսուի, որ ան շուտով ստանձնէ իր պաշտօնը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
27/07/2024, 09:31