Քիեւ կը յայտարարէ, որ պատրաստ է Մոսկուայի հետ բանակցելու
Քիեւ պատրաստ է Մոսկուայի հետ բանակցելու: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Եիի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպա:
«Ուքրանական կողմը պատրաստ է երկխօսութիւն եւ բանակցութիւններ կատարելու ռուսական կողմին հետ, ի հարկէ, բանակցութիւնները պէտք է ըլլան ողջամիտ եւ ունենան գործնական նշանակութիւն` ուղղուած արդար եւ տեւական խաղաղութեան հասնելուն», ըսած է Քուլեպա, որուն խօսքերը մէջբերած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Մաօ Նինկ:
Վան Եի իր կարգին արձագանգած է` նշելով, որ վերջերս թէ՛ Մոսկուան, թէ՛ Քիեւը «տարբեր աստիճաններով» բանակցութիւններու պատրաստակամութիւն յայտնած են:
«Հակառակ անոր որ անոր պայմաններն ու կարելիութիւնները տակաւին չեն հասունցած, այսուհանդերձ մենք կ՛աջակցինք խաղաղութեան նպաստող բոլոր ջանքերուն եւ պատրաստ ենք շարուակելու կառուցողական դեր խաղալ զինադադարի եւ բանակցութիւններու վերսկսման համար», ընդգծած է չինացի դիւանագէտը:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ