Որոնել

Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Եւրոպական Միութեան դէտերուն հետ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Եւրոպական Միութեան դէտերուն հետ 

Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Եւրոպական Միութեան դէտերուն հետ դիտարկած է Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը

«Դեսպան Քվինը Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան հետ դիտարկեց սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվին Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան հետ դիտարկած է Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը: Այս մասին կը նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դիմատետրեան էջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

«Դեսպան Քվինը Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան հետ դիտարկեց սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը: Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արձանագրած յառաջընթացը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2024, 10:00