Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (26). Պատրաստեց Սագօ Արեանը
Յարգելի ունկնդիրներ, այսօրուան մեր հաղորդումը վերջինն է այն հաղորդաշարին, որ նուիրուած հայ հասարակութեան սիրտը գրաւած գրողներէն՝ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին։
Նախ կը ներկայացնենք գրաբարով անոր թողած գրական ժառանգութիւնը, ապա Ձեզի համար ընթերցումը կը կատարենք իր այնքան սիրուած բանաստեղծական կտորներէն՝ «Մահ Քաջորդւոյն» անզուգական գործին։
Բարի ունկնդրութիւն։
Գրաբարով գրած սիրային բանաստեղծութիւնները շատ խորունկ զգացումներ կը պարունակեն եւ շատ արժէքաւոր են. դժբախտաբար քիչերուն մատչելի: Աշխարհաբարով գրածները (կիսովին գրաբար դարձեալ) նորութիւն կը բերեն թէ ձեւով եւ թէ խորքով, փափուկ, անկեղծ, ներդաշնակ եւ զուսպ :
Պէշիկթաշլեանի քերթուածներէն լաւագոյնները գրուած են գրաբար լեզուով, որովհետեւ հեղինակին նախասիրած բարբառն էր գրաբարը եւ կը կարծէր թէ միայն այդ բարձր, դասական լեզուով կրնար արտայայտել իր տառապալից զգացումները: Առօրեայ սովորական լեզուն աղքատ կը թուէր իրեն։
Խորունկ ապրումով գրուած սքանչելի տողեր կան հոն, ինչպէս օրինակ հետեւեալը.-
Տե՛ս զիա՛րդ գեղեցկացուց զիս մահ,
արար տարփելի։
Իր խոր եւ անյոյս սէրով, դժբախտ կեանքով եւ վաղաժամ մահով, Պէշիկթաշլեան ողբերգական, բայց շատ սիրելի դէմք մըն է։
Անոր մշակած թատերական գրականութիւնն ալ, թէեւ ժամանակի ռոմանթիզմին եւ ճարտասանական սովորութեանց մեղքերը կը կրէ, բայց մեծապէս նպաստած է մեր աշխարհաբար լեզուի զարգացման եւ ազգասիրական զգացումներ արծարծելով՝ դարձած է զօրաւոր ազդակ մը մեր ժողովուրդի վերածնունդին:
Պէշիկթաշլեանի ոճը կը բխի իր նկարագրէն- նուրբ, զուսպ եւ փափկութեամբ ու ճաշակով օծուն:
Եւ այժմ մեր ունկնդիրներուն համար կ՚ընթերցեմ Պէշիկթաշլեանի «Մահ Քաջորդւոյն» բանաստեղծութիւնը
Մահ Քաջորդւոյն
Դու զո՞վ խնդրես, մա՛յր իմ անուշ.
Ե՛կ, մի՛ դողար, մօտեցի՛ր հոս,
Անլաց աչօք դիտէ՛ զորդիդ,
Ու իւր վէրքերն արիւնահոս.
Թրքաց մայրեր թող լան, ու դուն
Ուրախ լուրեր տա՛ր ի Զէյթուն։
Ինչպէս երբեմն օրրանիս մէջ
Կակուղ ձեռքով փայփայելով
Մանկիկ մարմնոյս հանգիստ տայիր
Իբրեւ հրեշտակ նուագելով.
Զիս հանգչեցուր, ի հող, եւ դուն
Ուրախ լուրեր տա՛ր ի Զէյթուն։
«Նորեկ որդւոյս կենացն արեւ
Ձեզի համար փայլի՛, հայե՛ր»։
Այսպէս յայնժամ դու կ'երգէիր`
Օրօրոցիս նըստեալ քովեր.
Անոնց համար շիջաւ, եւ դուն
Ուրախ լուրեր տա՛ր ի Զէյթուն:
Կարմիր կայլակք ցայտին վէրքէս,
Սակայն, մա՛յր իմ, նայէ՛ չորս դին,
Զարիւնըռուշտ թուրքերըն տես
Համարներով փըռուած գետին.
Կերաւ զանոնք սուր մեր, ու դուն
Ուրախ լուրեր տա՛ր ի Զէյթուն։
Մըռընչեցին ինչպէս վիշապ
Ու մեր վըրայ յարձակեցան.
Ո՛վ հայրենիք, ի հուր, ի բոց
Քո համար մեր սիրտք վառեցան,
Կարմիր ներկան ձորք մեր, ու դուն
Ուրախ լուրեր տա՛ր ի Զէյթուն։
Ու ծափ զարկին մեր հարց ոսկերք
Զի չէ՛ մեռած հայոց կըրակ,
Ու ցընծացին այնչափ զոհեր
Զի լուծաւ վրէժ յարեան վըտակ.
Խնդաց Մասիս, մա՛յր իմ, եւ դուն
Ուրախ լուրեր տա՛ր ի Զէյթուն։
Վերջին համբոյր տամ քեզ, մա՛յրիկ,
Հատուցանես զայն սիրուհւոյս.
Վերջին անգամ գրկեմ մեր հող,
Ուր արդ կ'իջնեմ ի ծոցն անլոյս.
Խաչ մի՛ տնկէ վըրաս, ու դուն
Ուրախ լուրեր տա՛ր ի Զէյթուն։
Եւ այսպէս այսօրուան մեր հաղորդումով աւարտին կը հասնի հայ մեծամեծ գրող Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին նուիրուած մեր հաղորդաշարը։
Բարին ընդ Ձեզ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ