Որոնել

2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (27). Պատրաստեց Սագօ Արեանը

Այսօրուայ մեր հաղորդումը նուիրած են Արեւմտահայոց Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջանի ամենասիրուած բանաստեղծներէն ՝ Պետրոս Դուրեանին։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Յարգելի ունկնդիրներ այսօրուայ մեր հաղորդումը նուիրած են Արեւմտահայոց Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջանի ամենասիրուած բանաստեղծներէն ՝ Պետրոս Դուրեանին։

Նշենք, որ յառաջիկայ երեք եւ այս եղանակին համար նախատեսուած հաղորդաշարի վերջին հաղորդումները նուիրած ենք Պետրոս Դուրեանին։

Նախ պիտի ներկայացնենք անոր կենսագրական գիծերը, ապա գործերը, իսկ վերջին հաղորդումը նուիրած ենք անոր ստեղծագործական արժէքին։

Բարի ունկնդրութիւն բոլորիդ։

Եւ այսպէս Պետրոս Դուրեան ծնած է 1851ին Սկիւտար (Պոլսոյ ասիական ափը), աղքատ ընտանիքի մէջ։ Հայրը երկաթագործ էր, բուն անունով՝ Զմպայեան։ Պետրոս հայերէնի թարգմանելով «Դուրեան»ի կը վերածէ այդ անունը: Ուսումը կը ստանայ Սկիւտարի Ճեմարանին մէջ, ուր ուսուցիչ կ'ունենայ Յ. Պարոնեանը: Շատ կանուխէն իր մէջ կ'արթննայ գրականութեան սէրը: 13 տարեկանին կը գրէ իր առաջին բանաստեղծութիւնը։ Խանդավառ է մանաւանդ թատրոնով, որ այդ շրջանին գրաւած է հայոց սրտերը։ Բնագրէն կը կարդայ եւ կ'ուսումնասիրէ Լամարթինը, Վիքթոր Հիւկոն, եւ այլ դասական հեղինակներ: 15 տարեկանին կը գրէ «Վարդ եւ Շուշան» թատերախաղը. Պէշիկթաշլեան զայն կարդալով կը բացականչէ. «Սա պատանին զիս պիտի գերազանցէ»։

1868ին, Ճեմարանը աւարտելէ ետք, իր աղքատ ծնողաց օգնելու համար, աշխատիլ կը սկսի նախ սեղանաւորի մը, ապա վաճառականի մը քով, իբրեւ գրագիր: Սակայն կարճ ժամանակ ետք ստիպուած կ'ըլլայ ձգել այդ պաշտօնները, ինքզինք նուիրելով գրական եւ բեմական աշխատանքներու։ Ատեն մը «Օրագիր» թերթի խմբագրութեան մէջ կ'աշխատի, մասնաւոր դասեր կու տայ, յետոյ դերասանութիւն ալ կ'ընէ Վարդովեանի խումբին մէջ: Դերասան Վարդովեանի խորհուրդով է, որ կը սկսի գրել թատերախաղեր, որոնցմէ մէկ քանին կը բեմադրուին իր կենդանութեան օրերուն։

«Արտաշէս Ա. Աշխարհակալ» ողբերգութեան համար կը ստանայ 10 հնչուն ոսկի վարձատրութիւն, ինչ որ զինք մեծապէս կը քաջալերէ: Սակայն իր միւս գրուածքները նիւթական եկամուտ չեն ապահովեր իրեն, թէեւ ջերմօրէն կը ծափահարուին ժողովուրդին կողմէ:

Պոլսոյ «Օրագիր» թերթի 1871 տարուան Հոկտեմբեր 1ի թիւին մէջ տպուած Պ. Դուրեանի մէկ նամակը կը բողոքէ ժամանակի գրական բարքերուն դէմ։ Ահա քանի մը տող այդ նամակէն.-

Մեծապատիւ խմբագիր,

Անցեալ ձմեռ մայրաքաղաքիս թուրքօ–հայկական թատերախումբին յուշարար Տիգրան Գալեմճեան անուն անձը իմ հեղինակութիւնքն եղող երկու ազգային թատերախաղ ընդունեց ինէ , որոց անուանքն են Սեւ Հողեր եւ Կործանումն Անի Մայրաքաղաքին Բագրատունեաց, սա պայմանաւ որ նոցա արժեգինը անպատճառ պիտի վճարէր Պր. Տիգրան՝ յիշեալ թատերախաղաց ներկայացմանց միջոցին: Վերոյիշեալ թատերախաղերը անցեալ ձմեռի վերջերը ներկայացուեցան եւ արգոյ հասարակութեան կողմէ ջերմ ընդունելութիւն գտին, ըստ վկայութեան իմ հանդիսատես բարեկամաց. վասնզի դժբախտաբար հիւանդութեան պատճառաւ, ես ինքնին չկրցի ներկայացմանց ներկայ գտնուիլ: Պր. Տիգրան մինչեւ Հիմա թատերախաղներս գրեթէ անվճար թողելէ զատ - վասնզի պահանջէս դուզնաքեայ մաս մ'եմ միայն դեռ ընդունած - խաղատետրերս ալ իր ճանկը անցուցած՝ թէ զանոնք ինձ վերադարձնելու եւ թէ նոցա արժեգինքը ամբողջ յանձնելու մասին նենգամիտ դժկամութիւն մը կը յայտնէ :

Ուստի եթէ Պր. Տիգրան անիրաւաբար իմ այս յայտարարութեան ականջ խցելու յանդգնի, պատասխանատու կը հրատարակեմ զինքը դատաստանական բարձրագոյն ատեանին առջեւ։

Այսօրուայ համար այսքանը, յառաջիկայ հաղորդումով դարձեալ պիտի խօսինք մեծ բանաստեղծ՝ Պետրոս Դուրեանին մասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2024, 08:00