Որոնել

2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (29). Պատրաստեց Սագօ Արեանը

Այսօրուան մեր հաղորդումը վերջինն է այն շարքին, որ նուիրուած է Պոլսահայ տաղանդաւոր բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանին
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Յարգելի ունկնդիրներ, այսօրուան մեր հաղորդումը վերջինն է այն շարքին, որ նուիրուած է Պոլսահայ տաղանդաւոր բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանին  եւ այս հաղորդումով լոյսին կը բերենք  տարաբախտ, բայց անմահանուն բանաստեղծին  գործերուն իրական արժէքն ու  յատկանիշները։

 

Բարի ունկնդրութիւն բոլորիդ

Պ. Դուրեան երեւոյթ մըն է մեր նոր գրականութեան մէջ։ Թէեւ չունի Պէշիկթաշլեանի արուեստի մշակումն ու կատարելութիւնը, բայց ատոր փոխարէն վաղամեռիկ այս քերթողը տէր է ներշնչման հզօր թռիչքի, յորդ զգացումներու, արտայայտութեան շատ յանդուգն ձեւերու։ Անոր խօսքը թափ ունի եւ ուժգնութիւն: Իր լեզուն ալ երեւոյթ մը կը կազմէ, որովհետեւ ժամանակակիցներուն հետ բաղդատած՝ առաջին մաքուր աշխարհաբարն է։ Հետեւաբար Դուրեան պատանի հասակին եղաւ նաեւ աշխարհաբարի կերտիչներէն մէկը՝ բանաստեղծութեան կալուածին մէջ:

Ինչ որ գրած է՝ մեզի զարմանք կը պատճառէ եւ կը ցնցէ մեր էութիւնը՝ անողոք ճակատագրին դէմ մղած ողբերգական իր պայքարով։

Փունջ մը երգեր են միայն իր բոլոր գրածները, բայց այդ փունջն ալ բաւարար է զինք դասելու մեր մեծագոյն քնարերգակներու շարքին։

Պ. Դուրեան իր տաղերով մեր բանաստեղծութեան բերաւ թարմութիւն, գեղեցկութիւն, զօրութիւն եւ ինքնաբուխ անկեղծութիւն: Իր ամէն մէկ քերթուածին մէջ դրած է հոգիին կրակը եւ արեան տենդը։

Դուրեան նոր ջիղ եւ արիւն ներարկեց մեր բանաստեղծութեան, դասական ուռուցիկ եւ ընդհանրական խոհերու տեղ՝ տալով մեզի սրտի երգեր, աւելի բնական, անկեղծ եւ անձնադրոշմ:

Անշուշտ, Դուրեանի բուն տաղանդը երեւան կու գայ իր անձնական զգացումները արտայայտող բանաստեղծութիւններուն մէջ - «Տրտունջք», «Իմ Մահը», «Լճակ», «Հեծեծմունք», «Ինչ կ'ըսեն», եւայլն:

Դուրեանի սիրային տաղերը կը ներկայացնեն զգայուն պատանիի մը առաջին խռովքները: Սէրը աւելի տենչացած ու երազած է, քան թէ ապրած: Ամօթխած ու երկչոտ հոգիի մը յուզումներն են անոնք՝ մաքուր, աննիւթական: Ունի տաղեր, ինչպէս «Զնէ Պաշտեմ», «Սիրել», «Դրժել», «Սիրեցի Քեզ», որոնց մէջ կը պատմէ թէ սիրած է բայց ճակատագրին սեւ ձեռքը խանգարած է իր երջանկութիւնը։ Այս քերթուածները ո՞ր չափով իրականութեան կը համապատասխանեն եւ ո՞ր չափով իրական սէրերուն արձագանգը կը հանդիսանան - դժուար է ըսել։ Մէկ բան որոշ է սակայն. կ'ապրի եւ կը տառապի սիրոյ զգացումներ յարուցանող էակէն հեռու, որովհետեւ անբուժելի հիւանդ է եւ նոյն ատեն աղքատ:

Դուրեանի քնարին երկրորդ գլխաւոր լարը մահուան երգերն են։ Ամէն վայրկեան կը զգայ մահուան մօտիկութիւնը, այդ պատճառով անոր երգերը կը դառնան ալեկոծումներ ու երբեմն նաեւ բուռն ընդվզում Աստուծոյ եւ տիեզերքին դէմ։ Մահուան ստուերին ներկայութիւնը կը թունաւորէ թէ՛ իր սէրը եւ թէ երազները: Կ'ուզէ ապրիլ, սիրել ու հմայուիլ, բայց ճակատագիրը անողոք է. մահը իր թաթերը երկարած է երիտասարդ բանաստեղծի ծաղկատի կեանքին : Եւ Դուրեան յուսահատ՝ կ'ողբայ իր սեւ բախտը: Դուրեան համակերպող հոգի մը չէ, այլ ըմբոստ պայքարող մը՝ մինչեւ վերջին շունչը։ Շատ աւելի յանդուգն է եւ մաքառող քան Մ. Պէշիկթաշլեան, որ իր մէջ կը կրէր մեղմ ու համակերպող հոգի :

Վաղաժամօրէն լռած «Սկիւտարի սոխակը» իր հզօր խառնուածքով, ներշնչումներուն ինքնաբուխ ժայթքով եւ պատկերներուն ցնցող զօրութեամբ շատ խոր ազդեցութիւն գործած է յաջորդ սերունդներուն վրայ։

Ժամանակ չունեցաւ իր քերթուածները մշակելու, բայց անոնք նման են սրտի խորերէն դուրս բխած հանքային ժայթքերու, տաք, գունագեղ եւ բնական։ Դուրեան իր անձնական վիշտն ու ապրումները հանճարեղ ներշնչումով կրցաւ բարձրացնել համամարդկային աստիճանի:

Պ. Դուրեան մեր ռոմանթիկ քնարերգութեան ամենէն ցայտուն դէմքն է, որուն կարգ մը քերթուածները միջազգային չափանիշով կրնան արժեւորուիլ:

 Յարգելի ունկնդիրներ այսօրուան մեր հաղորդումով իր լրումին կը հասնի Արեւմտահայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջանին նուիրուած մեր հաղորդաշարը։

 Լիայոյս ենք, որ այս հաղորդումներով կարողացանք նոր, թարմ եւ դրական երանգ ու լիցք բերել Ձեզի բոլորիդ սիրելի հետեւորդներ։

 Բարին ընդ Ձեզ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2024, 08:00