Հըզպալլան բուռն կերպով հակադարձեց Ապու Նաամէ Նասերի ահաբեկման
Հըզպալլա յայտարարեց, որ հակադարձելով հարաւային Լիբանանի գիւղերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն, մասնաւորաբար Շեպաա գիւղի ռմբակոծման եւ կնկայ մը վիրաւորման, իր մարտիկները «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներով հարուածած են Քաֆարպլում բնակեցման վայրին մէջ իսրայէլացի զինուորներու նորաստեղծ դիրք մը:
Կուսակցութիւնը նաեւ յայտնեց, որ հակադարձելով Սուրի Հաուշ շրջանին մէջ Իսրայէլի կատարած ահաբեկչման, Դիմադրութեան մարտիկները տարբեր տեսակի աւելի քան 200 հրթիռներով հարուածած են իսրայէլեան բանակի «Իալաթ», «Քացաւիա», Կամլա», «Նաֆահ» եւ «Եարտըն» զօրանոցները:
Հըզպալլան այդ նոյն ծիրին մէջ անօդաչու թռչող սարքերու տորմիղով մը հարուածած է նոյն զօրանոցները, ինչպէս նաեւ «Մաալիէ Կոլանի» զօրանոցն ու «Կոլանի» զօրամասի եւ «Իկոզ» զօրախումբի «Շրաղա» զօրանոցի մէկ կեդրոնատեղին:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ առաւօտեան արդէն նշած էին. «Հարաւային Լիբանանի մէջ երէկ տեղի ունեցած ահաբեկումէն ետք, մենք դժուար օրերու առջեւ կանգնած ենք»:
Նշենք, որ Իսրայէլ Սուրի Հաուշ ճամբուն վրայ անօդաչու թռչող սարքով ահաբեկած էր Հըզպալլայի բարձրաստիճան մարտական պատասխանատուներէն Ապու Նաամէ Նասերը:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Լիբանանէն կատարուած ռմբակոծումին պատճառով Աքքա քաղաքի շէնքերէն մէկուն մէջ վիրաւորներ ու նիւթական վնասներ արձանագրուած են:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նաեւ հաղորդեցին, որ Լիբանանէն զինուորական մեքենայի մը թիրախաւորման պատճառով իսրայէլացի զինուորներ վտանգաւոր վէրքեր ստացած են:
Հըզպալլան երէկ ամբողջ օրը շարունակեց իսրայէլեան զինուորական դիրքեր հարուածել, իսկ իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ իր օդուժը հարաւային Լիբանանի մէջ հրթիռներու արձակման հարթակներ կը ռմբակոծէ:
Իսրայէլեան հրետանին շարունակեց հարաւային Լիբանանի մէջ գիւղեր եւ անոնց մերձակայքը ռմբակոծել, իսկ իսրայէլեան օդանաւեր երէկ 2 անգամ Պէյրութի վերեւ խզեցին ձայնի պատը:
Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին իր կուսակցութեան մարտական ղեկավարներէն Մոհամետ Նաամէ Նասերի յուղարկաւորութեան ընթացքին յայտնեց, որ անոր ահաբեկումը իսրայէլեան բանակին որեւէ զինուորական առաւելութիւն չի բերեր, ոչ ալ ձեռքբերում կը հաշուուի:
«Կազայի մէջ ձախողումը ցոյց կու տայ, թէ այս ուժաթափուած բանակը անկարող է յաղթանակներ արձանագրել, եւ այս բանակը 2000 թուականէն մինչեւ օրս ստացած իրերայաջորդ հարուածներէն ետք պիտի չկարենայ որեւէ ճակատամարտի կամ ճակատումի մէջ յաղթանակ արձանագրել», ըսաւ շէյխ Սաֆիէտտին:
Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահը նաեւ շեշտեց. «Հրամանատար Ապու Նաամէի ահաբեկման հակադարձութիւնը երէկ սկսաւ, եւ պիտի շարունակուի, եւ այս ճակատը պիտի մնայ ուժեղ ու բռնկած»:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ