Որոնել

2024.07.26 Ex Procuratore Corte Penale Internazionale Louis Moreno Ocampo

«Չենք կրնար արտօնել, որ COP29-ը Պաքուի մէջ տեղի ունենայ, երբ տակաւին հայ գերիներ կան». Օքամփօ

Օքամփօ վստահեցուց, որ Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ պէտք է պաշտպանուած ըլլան, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կարենան վերադառնալ:

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ անդրադարձաւ իր նախաձեռնութեան, որուն միջոցաւ աշխարհի հայերուն կոչ ուղղեց՝ համախմբուելու եւ լրատուական դաշտին մէջ արշաւի սկսելու՝ Նոյեմբեր 2024ին. Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿի կլիմայի փոփոխութեան 29րդ համաժողովին (COP29) դէմ՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիները ազատ արձակելու պահանջով: 

Օքամփօ այս մասին խօսեցաւ «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին: Ան նշեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը փորձէ COP29-ով բարձրացնել Ատրպէյճանի հեղինակութիւնը: Տարօրինակ է, որ ան կը փորձէ ժողովը ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեան համաժողով, երբ այսօր Պաքուի բանտերուն մէջ կը պահուին հայ գերիներ, անոնց կարգին՝ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:  

«Գերիները ձերբակալելը ուղերձ է Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն՝ «Եթէ վերադառնաք Լեռնային Ղարաբաղ, պիտի տուժէք, պիտի բանտարկուիք կամ ձեզ պիտի սպաննենք»: Ուշագրաւը այն է, որ աշխարհաքաղաքական նկատառումներէ մեկնած՝ Ատրպէյճան կը յաջողի Եւրոպան եւ Միացեալ Նահանգները հեռու պահել որեւէ բան ըսելէ: Պետութիւնները լուռ կը մնան, ապա կը փորձեն մոռնալ: Սակայն ՄԱԿի ցեղասպանութեան հարցերու խորհրդականը ըսաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղասպանութեան վտանգ կայ: Բայց ան չի կրնար ըսել, որ ցեղասպանութիւն եղած է, որովհետեւ ՄԱԿի մէջ անոնց տրուած յանձնառութիւնը կ՛արգիլէ ըսել, որ ասիկա ցեղասպանութիւն է: Առաւելագոյնը ան կրնայ ըսել, որ ցեղասպանութեան վտանգ կայ, եւ ան այդ մէկը ըսաւ», նշեց Օքամփօ: 

Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճան ցեղասպանութիւն կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: «Լաչինի միջանցքը միակ ուղին էր, որուն միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կը կապուէր աշխարհի հետ: Զայն շրջափակելով՝ Ատրպէյճան ժողովուրդը մեկուսացուց եւ ստիպեց ենթարկուիլ իրեն, իսկ մինչ այդ Պաքու բազմաթիւ անգամներ ըսած էր, որ կը պատրաստուի ոչնչացնել զանոնք: Այս բոլորէն պարզ կը դառնայ, որ ասիկա ցեղասպանութիւն է», նշեց Օքամփօ, ըստ որուն, մարդոց բռնի տեղահանութիւնն ալ ցեղասպանութեան տեսակ է: 

Օքամփօ վստահեցուց, որ Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ պէտք է պաշտպանուած ըլլան, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կարենան վերադառնալ: 

«Մեր արշաւը նոր կը սկսի: Կը կարծեմ, որ անիկա ձիւնագնդակի նման պիտի ըլլայ: Մենք պէտք է օգտագործենք նոր արհեստագիտութեան գործիքները եւ տարածենք մեր ուղերձը: Մենք իրական մարդիկ ենք, որոնք մտահոգուած են այս հարցով: Բոլորովին չենք կորսուած, եթէ շարունակենք պայքարիլ: Մեր ուղերձն է՝ երբեք չյանձնուիլ: Այն պահուն, երբ յանձնուիս, կը պարտուիս: Հայերուն հետ քննարկումներէն հաճոյք կը ստանամ: Ձեր ստեղծագործական ունակութիւնները անհաւանական են: Չեմ գիտեր՝ ո՛ւր կամ ինչի՛ պիտի հասնինք, բայց մեր ըրածը արժանի աշխատանք է», եզրափակեց Օքամփօ:  

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2024, 08:00