Որոնել

«ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու դրօշակները «ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու դրօշակները 

«ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի 2025-ի անդամավճարը պիտի հաշուարկուի եւ պիտի ներկայացուի Երեւանին» կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի մէջ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Բադալեան նախապէս յայտարարած էր, որ Երեւանը մտադիր է ձեռնպահ մնալ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի 23 նոյեմբեր 2023-ի «ՀԱՊԿ-ի 2024 թուականի պիւտճէի մասին» որոշումին միանալէ եւ կազմակերպութեան գործունէութեան ֆինանսաւորման մասնակցելէ:

Հակառակ ՀԱՊԿ-ի անդամավճարը այս տարի չվճարելու Երեւանի որոշումին, 2025 թուականի անդամավճարի գումարը պիտի հաշուարկուի եւ պիտի ներկայացուի Հայաստանին: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀԱՊԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիքթոր Վասիլեւ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք յայտնի՞ է 2025 թուականի պիւտճէին մէջ վճարում չկատարելու Հայաստանի մտադրութեան մասին, Վասիլեւ ըսած է, որ «ատիկա արդէն քաղաքական որոշում է»:

«Պիտի դիտարկուի 2025 թուականի պիւտճէի նախագիծը, համապատասխանաբար, պիտի հաշուարկուին բոլոր յօդուածները: Այդ գումարին 10 առ հարիւրը պիտի հաշուեգրուի Հայաստանին», ըսած է Վասիլեւ` միեւնոյն ժամանակ աւելցնելով, որ ատկէ ետք «արդէն երկրի ղեկավարութեան քաղաքական կամքն է»` Երեւանը զայն պիտի վճարէ՞ թէ՞ ոչ:

Անդրադառնալով կազմակերպութեան պիւտճէի խնդիրին` Վասիլեւ նշած է, որ այն, ինչ կը վերաբերի 2025 թուականին, հետագայ քննարկումներու նիւթ է: Բացի ատկէ, ան նաեւ յայտնած է, որ «կազմակերպութեան պիւտճէն սահմանուած համամասնութեամբ բաշխուած է բոլոր անդամ պետութիւններուն միջեւ:

«Այսինքն` անդամավճարներու 50 առ հարիւրը կը վճարէ Ռուսիան, իսկ մնացեալ 50 առ հարիւրը բաշխուած է միւս հինգ անդամ պետութիւններուն միջեւ: Համապատասխանաբար` իւրաքանչիւր երկիր (Ռուսիայէն բացի) պիտի վճարէ պիւտճէին 10 առ հարիւրը, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը», աւելցուցած է Վասիլեւ:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Բադալեան նախապէս յայտարարած էր, որ Երեւանը մտադիր է ձեռնպահ մնալ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի 23 նոյեմբեր 2023-ի «ՀԱՊԿ-ի 2024 թուականի պիւտճէի մասին» որոշումին միանալէ եւ կազմակերպութեան գործունէութեան ֆինանսաւորման մասնակցելէ:

Այդ յայտարարութենէն ետք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր, որ ՀԱՊԿ-ն վերատեսութեան պիտի ենթարկէ 2024-ի պիւտճէն, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը մերժէ վճարել հաշուարկուած վճարը:

 

 

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2024, 08:30