Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Լատիներէն փառաբանութեան աղօթք
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
BEACH VOLLEYBALL-OLY-PARIS-2024-USA-MAR

ԱՒԵԼԻ ԱՐԱԳ, ԱՒԵԼԻ ԲԱՐՁՐ ԵՒ ԱՒԵԼԻ ՀԶՕՐ

Հ. Լուի Հանրի Տիտոնը առաջին քահանան է որ պատարագ մատուցած է Ողիմպիական խաղերու մեկնարկին առթիւ, Աթենքի մէջ 1896ին։
Ունկնդրէ լուրը

Արդի Ողիմպիական խաղերու նշանաբանը «Աւելի արագ, աւելի բարձր եւ աւելի հզօր» հնարողը՝ եղած է Տոմենիքեան միաբանութեան անդամ՝ Հ. Լուի Հանրի Տիտոն, դպրոցական երիտասարդներու մարզական մրցումի մը առթիւ1891-ին, որուն ներկայ կը գտնուի իրեն հարազատ ու մտերիմ անձերէն՝Փիեռ Տը Քուպերթէն, հիմնադիր արդի ողիմպիական խաղերու։

Նշանաբանը լատիներէն յօրինուած է եւ առաջին անգամ գործածուած՝ 1896ի արդի Ողիմպիական խաղերու մեկնարկումէն հինգ տարի առաջ, Մեծն Ալպերտ Փարիզի Տոմենիքիան Հայրերու վարժարանի 1891ին կազմակերպած խաղերու ատեն, որուն տեսուչն էր Հ. Հանրին։

Փիեռ Տը Քուպերթէնը կ՚առաջարկէ այս նշանաբանը որպէս կարգախօս Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէին (International Olympic Comitee), 1894ին։

Յիշեցնենք որ Հ. Լուի Հանրի Տիտոնը առաջին քահանան է որ պատարագ մատուցած է Ողիմպիական խաղերու մեկնարկին առթիւ, Աթենքի մէջ 1896ին։

Նշենք նաեւ որ Արդի Ողիմպիական խաղերու մտայղացողն ու նախաձեռնողը եղած է Պարոն Փիեռ Տը Քուպերթէնը եւ պաշտօնականացուած՝ առաջին Ողիմպիական համագումարի ատեն, որուն ընթացքին է որ կը հիմնուի Միջազգային Ողիմպիական Կիմիտէն, եւ խաղերը տեղի կ՚ունենան Յունաստանի մայրաքաղաքին մէջ 6-15 Ապրիլ, 1896ին։

Ի վերջոյ հարկ է մտաբերել որ Յոյներու մօտ հին Ողիմպիական խաղերը կրօնական եւ մարզական տօնակատարութիւններ էին, որ 4 տարի անգամ մը կը կատարուէին Յունաստանի Ողիմպիա (Olimpia) քաղաքին մէջ, եւ պատմութենէն գիտենք որ տեղի ունեցած են 292 անգամ՝ 776 Ն.Ք-393 Յ.Ք.։

Այս խաղերու ընթացքին զինադադար կը հռչակուէր, եւ պատերազմները կ՚ընդհատուէին, ու յոյն պատմիչներ այս խաղերը իբր ժամանակագրական յենակէտ ունեցած են իրենց գրած պատմութիւններուն մէջ։

Աղբիւրը `Մխիթարեան Միաբանութեան Դիմատետր

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2024, 07:18
Prev
February 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728 
Next
March 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031