Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները Արցախի մէջ կատարուածին համար պիտի դիմեն միջազգային քրէական դատարան
Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները կը պատրաստուին յառաջիկայ ամիսներուն Ատրպէյճանի դէմ նիւթեր ուղարկել Միջազգային քրէական դատարան՝ Արցախի մէջ կատարուած արարքներուն գծով:
«Մենք փաստահաւաք առաքելութիւն կատարած ենք եւ ունինք անոր համար բոլոր հիմնաւորումները», 1 Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Ժողովրդավարութեան հայկական ֆորումին ընթացքին յայտարարեց «Միջազգային համագործակցութիւն՝ յանուն մարդու իրաւունքներու» կազմակերպութեան տնօրէն Պրիժիթ Տիւֆուր՝ աւելցնելով. «Մենք ունինք բոլոր մանրամասնութիւնները՝ ցոյց տալու, որ տեղի ունեցաւ մարդոց բռնի տեղահանում, բոլոր ապացոյցները՝ ցոյց տալու, որ կար Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ստեղծուած շատ բռնի եւ հարկադրող մթնոլորտ մը, եւ այդ բոլորը համատարած էին ու համակարգային»:
Արցախի հարցով իրաւապաշտպանները կատարած են հսկայական ուսումնասիրութիւն մը՝ զրուցած ականատեսներու հետ, ուսումնասիրած հարիւրաւոր փաստեր եւ բաց աղբիւրներէ ստացուած տեղեկութիւններ: Եզրակացութիւնը յստակ է՝ յանցագործութիւնները, որոնք կատարուեցան Արցախի մէջ 44օրեայ պատերազմէն ետք, թելադրուած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ՝ բարձրագոյն մակարդակով:
«Երբ մենք կ՛ուսումնասիրենք այդ փաստերը, ակնյայտ կը դառնայ, որ մեր թիրախը սովորական զինուորը պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ բարձրագոյն ղեկավարութիւնը, որովհետեւ տրուած է հրաման մը, հրամաններու շարք մը՝ պաշտօնեաներու կողմէ, որոնք հետեւած են, որ բոլորը իրենց ենթարկուին: Առ այդ, մարդկութեան դէմ այս յանցագործութեան ուղիով ընթանալով՝ պէտք է բարձրագոյն պաշտօնեաներուն հասնինք, որովհետեւ կան ապացոյցներ, որ տեղի ունեցածը համակարգային բնոյթ կը ունէր», յայտարարեց Տիւֆուր:
Ապացոյցներու հիմք պիտի ծառայեն նաեւ հեղինակաւոր այլ իրաւապաշտպան կազմակերպութեան՝ Freedom House-ի զեկոյցը՝ շատ պարզ՝ «Ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայեր չկան այլեւս» հարցումի հիման վրայ պատրաստուած զեկոյցը, որ հրապարակուեցաւ 1 Յուլիսին (https://asbarez.am/archives/462495)։
Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը ծրագրէ յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին, այս հարցին վերաբերեալ առաւել ծաւալուն զեկոյց մը ներկայացնել: Կ՛ակնկալուի, որ այդ միջոցին իրաւապաշտպանները կը դիմեն Միջազգային քրէական դատարան՝ Պաքուի գործողութիւնները քննելու համար:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ