Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութենէն ժամեր առաջ. Ֆրանսայի արագընթաց գնացքներու ցանցին վրայ մեծ յարձակում մը զայն անդամալուծեց
Ֆրանսայի գնացքներու ընկերութիւնը` «Էս.Էն.Սէ.ԷՖ.»-ը յայտարարեց, որ հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող գիշերը ենթարկուած է «լայնածաւալ մեծ յարձակումի մը, որուն նպատակը ջլատելն էր արագընթաց գնացքներու ցանցը, որ այժմ մեծ իրարանցումի մէջ է»:
Ընկերութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ կարգ մը գնացքները պիտի փոխանցէ աւանդական երկաթուղիին, սակայն պիտի ստիպուի բազմաթիւ ուղիներու երթեւեկը ջնջել` նշելով, որ այս կացութիւնը կրնայ առնուազն մինչեւ շաբաթավերջ տեւել, որպէսզի կարենան նորոգութիւնները կատարել:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ խափանարարական արարքները յստակօրէն համակարգուած էին, եւ անոնց նպատակը Փարիզի մէջ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութենէն ժամեր առաջ արագընթաց գնացքներուն ցանցը անդամալուծելն էր:
Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիել Աթալ յայտնեց. «Գնացքներու ընկերութեան կառոյցներուն դէմ խափանարարական գործողութիւնները համակարգուած են, եւ երկաթուղիներուն վրայ անոնց հետեւանքները հսկայական ու վտանգաւոր են»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ