ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը պիտի մասնակցի Պաքուի մէջ գումարուելիք ՔՈՓ29-ին
Այո՛, ի հարկէ: Ես միշտ մասնակցած եմ ՔՈՓ վեհաժողովներուն, ես կու գամ անոնց մեկնարկին եւ աւարտին: Կ՛ակնկալեմ, որ ինքնին ատիկա պիտի ըլլայ փոփոխութիւններու պահը այն իմաստով, որ պիտի գայ համաշխարհային ճանաչման պահը, որ մենք կը շարժինք դէպի անդունդ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես պիտի այցելէ Պաքու` մասնակցելու ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան մասին խորհրդաժողովին` ՔՈՓ29-ին:
Այս մասին Կութիերես յայտնած է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին:
«Այո՛, ի հարկէ: Ես միշտ մասնակցած եմ ՔՈՓ վեհաժողովներուն, ես կու գամ անոնց մեկնարկին եւ աւարտին: Կ՛ակնկալեմ, որ ինքնին ատիկա պիտի ըլլայ փոփոխութիւններու պահը այն իմաստով, որ պիտի գայ համաշխարհային ճանաչման պահը, որ մենք կը շարժինք դէպի անդունդ», ըսած է ան` պատասխանելով խորհրդաժողովին մասնակցելու ծրագիրներու մասին հարցումին:
ՔՈՓ29-ը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբերին, Պաքուի մէջ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
01/07/2024, 08:04