Պաքուի մէջ Ռաշիտ Բեգլարեան դատապարտուեցաւ 15 տարուան ազատազրկման
Պաքուի մէջ վերջ գտաւ 1 օգոստոս 2023-ին Բերձորի շրջանի Աղաւնոյ գիւղի տարածքէն առեւանգուած Ռաշիտ Բեգլարեանի գործով դատավարութիւնը:
Դատարանը 62-ամեայ Բեգլարեանը դատապարտեց 15 տարուան ազատազրկման:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ օրէնքի պահանջներուն համապատասխան` Բեգլարեանին փաստաբան եւ թարգմանիչ տրամադրուած է:
Կը նշուի, որ բանտարկութեան 5 տարին Բեգլարեանը պիտի անցընէ խիստ միջոցառումներով օժտուած բանտի մէջ:
Պաքու Ռաշիտ Բեգլարեանը կը մեղադրէ 90-ականներուն գերիներ խոշտանգելու, անօրինական զինուած խմբաւորումներու անդամակցելու յանցանքով:
Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը կը պնդէ, թէ ան ցուցմունքներ տուած է «Խոջալուէն դուրս եկած եւ սպաննուած հարիւրաւոր խաղաղ բնակիչներու մասին»:
Այս մեղադրանքով Պաքու 15 տարուան ազատազրկման դատապարտած է նաեւ Վագիֆ Խաչատրեանը:
Վագիֆ Խաչատրեանին ազրպէյճանցիները առեւանգած են 2023-ի ամրան Հակարիի կամուրջէն, երբ ան Արցախէն Հայաստան կու գար սիրտի բաց վիրահատութեան համար:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ