Որոնել

Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքը Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքը 

Ռայի Պատրիարք. «Եթէ պաշտօնատարները Սուրբ Հոգիի ներշնչումին ականջ տային, հանրային գործերուն մէջ իրենց վարմունքն ու ընթացքը կը փոխէին»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը Տիմանի եկեղեցւոյ մէջ պատարագի ընթացքին իր արտասանած քարոզը

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի եկեղեցւոյ մէջ պատարագի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց. «Սուրբ հոգին մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ կը գործէ, մասնաւորաբար անոնց մէջ, որոնք քաղաքական- հասարակական գործունէութեամբ կը զբաղին, բարելաւելու համար լաւ կառուցուածքը ազգային հաւաքականութեան, որ հիմնուած է միասնականութեան մէջ բազմազանութեան վրայ:

«Եթէ մեր քաղաքական պատասխանատուները Սուրբ Հոգիի ներշնչումներուն եւ իրենց գոյութեան իմաստին ու իրենց ինքնութեան եւ առաքելութեան կարեւորութեան ականջ տային, կը փոխէին հասարակական գործունէութեան մէջ իրենց ընթացքն ու վարմունքը եւ կը շտապէին ընտրելու հանրապետութեան նախագահը` պահպանելու համար խորհրդարանի աշխատանքի լաւ ընթացքը, որպէսզի վերջինս վերատիրանայ իբրեւ օրէնսդիր մարմին իր դերակատարութեան, եւ պահպանելու նախարարաց խորհուրդը, որպէսզի անիկա իր կարգին լիիրաւ կերպով վերատիրանայ իր սահմանադրական իրաւասութիւններուն:

«Աղքատ ու իր ամէնէն հիմնական իրաւունքներէն` սնունդէն, աշխատանքէ, ինքնաբաւ ընտանիքի կազմութենէն զրկուած մեր ժողովուրդին նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւններուն տէր կը կանգնէին եւ անհրաժեշտ բարեփոխումները կը կատարէին, որպէսզի տնտեսութիւնը ոտքի կանգնի եւ արտագաղթի հոսքը դադրի», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2024, 10:19