Որոնել

Ստեփանակերտ յարձակումէն ետք Ստեփանակերտ յարձակումէն ետք 

Ատրպէյճան միտումնաւոր եւ ծրագրուած կերպով Արցախի բնակչութիւնը ենթարկեց բռնի տեղահանութեան եւ ցեղային զտման

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ փաստահաւաք առաքելութեան ընթացքին հաւաքագրուած խորքային վկայութիւններու եւ բաց աղբիւրներու մէջ տեղ գտած տուեալներու հիման վրայ կատարուած վերլուծութիւնը թոյլ կու տայ եզրակացնելու, որ Ատրպէյճան միտումնաւոր կերպով եւ հաշուարկուած գործողութիւններու միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը ենթարկեց բռնի տեղահանութեան եւ ցեղային զտման:
Ունկնդրէ լուրը

Հրապարակուեցաւ «Ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայեր չկան» զեկոյցին ամփոփագիրը, որ կը փաստէ, թէ ինչպէ՛ս Արցախի բնակչութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ միտումնաւոր կերպով ենթարկուեցաւ պարբերական յարձակումներու, շրջափակման եւ ահաբեկման, որոնց պատճառով Արցախի հայ բնակչութեան հիմնարար իրաւունքները կոպտօրէն խախտած են` վերջինս զրկելով տարրական կենսապայմաններէն:

Զեկոյցը պատրաստուած է «Freedom House»ին, «International Partnership for Human Rights»ին, Ժողովրդավարութեան զարգացման հիմնարկին, Հելսինքեան քաղաքացիական ժողովի Վանաձորի գրասենեակին, Իրաւունքի զարգացման եւ պաշտպանութեան հիմնարկին, «Իրաւունքներու պաշտպանութիւն առանց սահմաններու» եւ Truth Hounds կազմակերպութիւններուն կողմէ:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ փաստահաւաք առաքելութեան ընթացքին հաւաքագրուած խորքային վկայութիւններու եւ բաց աղբիւրներու մէջ տեղ գտած տուեալներու հիման վրայ կատարուած վերլուծութիւնը թոյլ կու տայ եզրակացնելու, որ Ատրպէյճան միտումնաւոր կերպով եւ հաշուարկուած գործողութիւններու միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը ենթարկեց բռնի տեղահանութեան եւ ցեղային զտման:

Վկաներու հետ առաւել քան 330 խորքային հարցազրոյցներու ընթացքին արձանագրուեցան Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ մարդու իրաւունքներու, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ միջազգային քրէական իրաւունքի սկզբունքներու կոպիտ խախտումներ:

Փաստահաւաք առաքելութիւնը պարզեց, որ կան բաւարար ապացոյցներ եզրակացնելու, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն գործողութիւնները կը հանդիսանան յանցագործութիւններ՝ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան համաձայն, ներառեալ՝ 7րդ յօդուածի (մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ) եւ 8րդ յօդուածի (պատերազմական յանցագործութիւններ), եւ կը համապատասխանեն բնակչութեան բռնի տեղահանման սահմանման, ինչպէս նաեւ նախկին Հարաւային Սլաւիոյ հակամարտութեան պարունակին մէջ ՄԱԿի փորձագէտներուն կողմէ սահմանուած ցեղային զտումներու չափանիշներուն:

Նշենք, որ զեկոյցի ամփոփագիրին շնորհահանդէս-քննարկումը տեղի ունեցաւ 1 Յուլիսին, «Ֆրիտըմ Հաուզ»ի ՉFreedom HouseՃ կողմէ համակազմակերպուող տարեկան երրորդ «Ժողովրդավարութեան հայկական ֆորում»ի ծիրին մէջ:

Զեկոյցի ամբողջական տարբերակը հասանելի պիտի դառնայ այս տարուան Սեպտեմբերին։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2024, 07:55