Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու Միութեան հարիւրամեակի յոբելենական պաշտամունք
Հայոց ցեղասպանութենէն եւ Կիլիկիոյ վերջնական պարպումէն ետք մեծ թիւով հայ վերապրողներ, հասնելով Միջին Արեւելքի երկիրներ, յատկապէս` Սուրիա եւ Լիբանան, վերակազմեցին իրենց հաւաքական կեանքը: Շատ չանցած` հայութեան այս բեկորները սկսան եկեղեցի եւ դպրոց կառուցել:
ՄԱՀԱԵՄ-ի ստեղծուելէն առաջ իսկ հայ աւետարանական դպրոցներ եւ եկեղեցիներ ձեւ առին եւ համախմբեցին տարագիր հայութիւնը` նոր եւ յուսալից ապագայ մը կերտելու համար: ՄԱՀԱԵՄ-ն կազմակերպուեցաւ Հալէպի մէջ, 1924-ին, եւ իր առաջին համաժողովը ունեցաւ նոյն տարուան 30 ապրիլէն մինչեւ 3 մայիս: Յաջորդ տարիներուն ուրոյն հայ աւետարանականներու ջանքերով նոր եկեղեցիներ, դպրոցներ հիմնուեցան, նաեւ ծնունդ առին հաստատութիւններ` գործակցաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան հետ:
Փառք կու տանք Աստուծոյ ՄԱՀԱԵՄ-ի հարիւրամեայ հոգեւոր, կրթական, ընկերային եւ այլ ծառայութիւններու իրագործման համար: Այս առթիւ յոբելենական հանդիսաւոր պաշտամունք մը տեղի ունեցաւ կիրակի, 30 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայ աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ (Պէյրութ), ներկայութեամբ` միջինարեւելեան եւ համաշխարհային տարբեր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներու, Հայաստանի դեսպանին, պետական երեսփոխաններու, հայկական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, հայ աւետարանական եկեղեցիներու հովիւներու ու պատկան մարմիններու եւ մեծ թիւով եկեղեցիներու ժողովուրդին:
Յատուկ հիւրերու կարգին էին` Քրիստոսի Միացեալ եկեղեցիի նախագահ վեր. դոկտ. Քարեն Ճորճիա Թոմփսընը, որ այս առիթով ժամանած էր Լիբանան, Սուրիոյ եւ Լիբանանի աւետարանական համայնքի Գերագոյն խորհուրդի նախագահ վեր. դոկտ. Ժոզեֆ Գասապը, Հայաստանի աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր խորհուրդի նախագահ վեր. Ալպեր Փայտեանը, Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքապետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանը, Յունաստանի հայ աւետարանական համայնքապետ վեր. Վիգէն Չոլաքեանը, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանը, Իրանի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վեր. դոկտ. Միշէլ Աղամալեանը, որոնք բաժին վերցուցին պաշտամունքի ընթացքին:
Փառաբանութեան երգին եւ աղօթքին յաջորդեցին` ողջոյնի խօսքը, սաղմոսներու ընթերցումը` փոխասաց աղօթք` ժողովուրդին մասնակցութեամբ, Աստուածաշունչի ընթերցումը` հայերէն եւ արաբերէն: Կարդացուեցան հարիւրամեակին նուիրուած շնորհաւորական գիրերն ու խօսքերը:Պաշտամունքին գլխաւոր առանցքը կը կազմէր Տէրունական աղօթքը, որուն վրայ կեդրոնացաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի տեղապահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը իր պատգամին մէջ` «Երբ ներքին սենեակդ մտնես» բնաբանով: Ան ըսաւ. «Ո՞ւր է մեր ներքին սենեակը: Հոն է, ուր կայ հոգեշունչ հանդիպում ՄԻԱԿ-ին հետ, որ Տէր է, Հոգի է, Սէր է, մինչ կը կարծենք, թէ բուն ճոխ հանդիպումը դուրսի սենեակներուն մէջ է, շահաբեր հանդիպումը մեծ թիւերուն հետ է, կամ` շողշողուն աստղերուն հետ:
«Բայց նաեւ դուռդ գոցէ, բայց ո՞րն է մեր դուռը: Դուռը զսպուածութիւնն է` դաստիարակիչ, լեզուի, կենցաղի, խորհուրդներու, վարմունքի եւ արժեչափերու սահմանափակման մէջ: Իսկ դրան նեղուածքին ու մութին մէջ հանգստութիւնը Քրիստոսի լոյսն է, լոյս, որ կը թափանցէ ամէն փակ դուռէ ու պատէ»:
Վերապատուելին իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Հարիւրամեակի այս տօնը հայ ժողովուրդին եւ միջինարեւելեան երկիրներու աննկարագրելի փոթորիկներու մէջ Աստուծոյ խաղաղութիւնն է: Հարիւրամեակի տօնը եկեղեցւոյ միութեան օրինակն ու ճանապարհն է Քրիստոսով: Հարիւրամեակի տօնը անգամ մը եւս Տէրունական աղօթքի, Տէրունական մթնոլորտի եւ մշակոյթի վերականգնումն է, եկեղեցւոյ նորոգութիւնն է»:Պաշտամունքի ընթացքին «Արմիս» երգչախումբը, առաջնորդութեամբ վեր. Նշան Պագալեանի (խմբավար) եւ Մաթիլտ Սանտրա Չոլագեանի (դաշնամուր), հոգեւոր երգերով եւ շարականով խորապէս տպաւորեցին ներկաները` ստեղծելով միասնական փառաբանութեան մթնոլորտ:
Պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքի («Արմիս»-ի կատարողութեամբ) եւ վեր. Հայտոսթեանի առաքելական օրհնութեամբ:
Յիշենք, որ նախանուագն ու վերջնանուագը կատարեց Հայ աւետ. Ա. եկեղեցւոյ համոյթը: Հիւրասիրութեան շուրջ ներկաները զիրար շնորհաւորեցին եւ փառք տուին Տիրոջ այս ուրախ առթիւ:
Յաջորդական երեք օրերուն տեղի ունեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի 77-րդ համաժողովը Էշրեֆիէի, Նոր Մարաշի եւ Նոր Ամանոսի Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի եւ այլ երկիրներու պատուիրակներուն եւ հիւրերուն:
Միութիւնը, ինչպէս Միջին Արեւելքի հայութիւնը, հարիւրէ աւելի տարիներ նկատուած է սփիւռքահայութեան խարիսխը եւ պահապան` արեւմտահայ մշակոյթին: Հակառակ ցարդ գոյութիւն ունեցող բազմապիսի դժուարութիւններուն, ՄԱՀԱԵՄ-ն կը շարունակէ իր հոգեւոր ու ազգային ժառանգութեան տէր կանգնիլ` իր յոյսը Յիսուս Քրիստոսի վրայ պահելով, հաւատքով շարունակելով իր երթը, սիրով ծառայելով իր ազգին եւ նպաստելով իր ապրած երկիրներու բարօրութեան:
Պատի՛ւ անցեալի պատմութիւնը կերտած նուիրեալներուն, եւ օրհնեալ ըլլայ ներկայ առաջնորդներու, հովիւներու եւ ժողովուրդի ջանքը ծառայելու Տէր Աստուծոյ անուան փառքին համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ