Որոնել

Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու, նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու, նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ   (AFP or licensors)

«Ներկայ վարչակազմին ստեղծած միջազգային տագնապներուն վերջ պիտի տամ» Կ՛ըսէ Թրամփ

Ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատար մը «Էյ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ Պայտըն «Քորոնա» ժահրով վարակուելէ ետք ուժասպառ է եւ շատ յոգնած, եւ մեկուսացման ժամանակաշրջանը անոր առիթ կ՛ընծայէ խորհրդակցելու եւ մտածելու: Ան նշած է, որ Պայտըն ընտրապայքարէն դուրս գալու կոչերուն նկատմամբ աւելի դրական ընկալում սկսած է ունենալ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու, նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի աւարտին արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Այսօր ձեր դիմաց կը կանգնիմ` վստահութեան, ուժի եւ յոյսի պատգամով, եւ 4 ամիս ետք միասնաբար 4 հոյակապ տարիներ պիտի սկսինք»:

«Բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը պիտի ըլլամ եւ պատիւով կ՛ընդունիմ նախագահի ընտրութեան թեկնածուի առաջադրումս», ըսաւ Թրամփ` աւելցնելով. «Կը գնահատեմ անցեալ շաբաթ օր ենթարկուած ձախող մահափորձէս ետք ձեր զօրակցութիւնը»:

Ան ըսաւ, որ մահափորձի մասին խօսելու ատեն ցաւ կը զգայ` նշելով. «Այսօր մահափորձէն ետք հարթակի վրայ կը կանգնիմ Աստուծոյ շնորհիւ»:

«Գաղթականներուն Միացեալ Նահանգներ մուտքը պէտք է արգիլենք, որովհետեւ անոնց ժամանակաշրջանին անոնց թիւը աճ արձանագրեց», նշեց ան` աւելցնելով. «Նախագահի պաշտօնը ստանձնելուս առաջին օրը պիտի փակեմ Միացեալ Նահանգներու հարաւային սահմանը»:

«Վերջ պիտի տամ ներկայ վարչակազմին ստեղծած բոլոր միջազգային տագնապներուն, ներառեալ Ուքրանիոյ դէմ ռուսական պատերազմն ու Իսրայէլը թիրախաւորած յարձակումը», յայտարարեց Թրամփ` նշելով. «Իսրայէլի վրայ յարձակումը տեղի պիտի չունենար, եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ ըլլայի»:

Խօսելով Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի մասին` ան նշեց. «Անոր հետ համաձայն եմ, եւ կրնայ զիս դարձեալ տեսնել ուզել: Կը կարծեմ` ինծի կարօտցած է»:

Միւս կողմէ, «Էսոշիէյթըտ Փրես» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամա, Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Նենսի Փելոսի եւ Դեմոկրատական կուսակցութենէն ղեկավար դէմքեր Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Ճօ Պայտընը կը յորդորեն նախագահական ընտրապայքարին իր մասնակցութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու:

Պայտընին մօտիկ անձ մը «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած է, որ ինք անակնկալի պիտի չգայ, եթէ Պայտըն մօտ օրէն փոխնախագահ Քամալա Հարիսին զօրակցութիւն յայտնէ` իբրեւ զինք փոխարինող դեմոկրատական թեկնածու, սակայն տակաւին ընտրապայքարէն դուրս գալու որոշում չէ որդեգրած:

Ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատար մը «Էյ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ Պայտըն «Քորոնա» ժահրով վարակուելէ ետք ուժասպառ է եւ շատ յոգնած, եւ մեկուսացման ժամանակաշրջանը անոր առիթ կ՛ընծայէ խորհրդակցելու եւ մտածելու: Ան նշած է, որ Պայտըն ընտրապայքարէն դուրս գալու կոչերուն նկատմամբ աւելի դրական ընկալում սկսած է ունենալ:

Ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատարը նաեւ յայտնած է, որ Պայտըն Քամալա Հարիսի թեկնածու ներկայանալու վերաբերեալ հարցախոյզներուն արդիւնքները ուզած է իմանալ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2024, 08:50