Որոնել

Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան դրօշները Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան դրօշները 

«Պիտի ըլլան համագործակցութեան նոր տարրեր, որոնք պիտի նպաստեն Հայաստանի անվտանգութեան» կ՛ըսէ Եւրոպական Միութեան դեսպանը

Վասիլիս Մարակոս նաեւ խօսած է Եւրոպական Միութեան կողմէ Սիւնիքի մարզին մէջ իրականացուող ծրագիրներու եւ այնտեղ կատարուող ներդրումային նախագիծերու մասին:

Հայաստանն ու Եւրոպական Միութիւնը կը բանակցին գործընկերութեան նոր օրակարգի շուրջ. պիտի ըլլան նոր եւ կարեւոր տարրեր, որոնք պիտի օգնեն Հայաստանի անվտանգութեան եւ Եւրոպական Միութեան հետ տնտեսական համագործակցութեան, պիտի նպաստեն երկրի դիմադրողականութեան: Այս մասին Հայագիտութեան միջազգային քոնկրեսի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս:

«Կ՛ուզեմ նաեւ ընդգծել, որ Եւրոպական Միութիւնը ներգրաւուած է այս շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կարգաւորման աջակցելու գործին մէջ: Եւս մասնաւորաբար, կ՛ուզեմ ընդգծել, թէ որքանո՛վ մենք կը պաշտպանենք Հայաստանի գերիշխանութիւնը եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը:

«Մենք դիտորդական առաքելութիւն տեղակայած ենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ, այդ առաքելութիւնը յատկապէս կը նպաստէ սահմանային տարածքներուն մէջ մարդկային անվտանգութեան ապահովման: Այս ծիրին մէջ կ՛ուզեմ նաեւ տեղեկացնել, որ Եւրոպական Միութիւնը եղած է Լեռնային Ղարաբաղէն գաղթականներուն աջակցելու առաջնագիծին վրայ:

«Մենք աւելցուցած ենք մեր աջակցութիւնը անցեալ տարուան աշունէն: Այս հոլովոյթի սկիզբը մենք տրամադրած ենք աւելի քան 20 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն եւ մարդասիրական օգնութիւն: Եւ հիմա մենք կ՛աջակցինք բնակարանաշինութեան, աշխատատեղիներու ստեղծման եւ կ՛որդեգրենք շարք մը որոշումներ, որոնց միջոցով կը պատրաստուինք գաղթականներու համարկման համար Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մեր պիւտճէական աջակցութիւնը հասցնելու մինչեւ 40 միլիոն եւրոյի», ըսաւ դեսպանը` աւելցնելով, որ 5 ապրիլ 2024-ին Եւրոպական Միութիւնը յայտարարած է Հայաստանի դիմակայունութեան եւ աճին համար 270 միլիոն եւրոյի օգնութիւն յատկացնելու մասին:

Վասիլիս Մարակոս նաեւ խօսած է Եւրոպական Միութեան կողմէ Սիւնիքի մարզին մէջ իրականացուող ծրագիրներու եւ այնտեղ կատարուող ներդրումային նախագիծերու մասին:

Եւրոպական Միութեան Արտաքին Գործոց
 Նախարարներու Խորհուրդը Պիտի Քննարկէ
Հայաստանին 10 Միլիոն Եւրոյի Յատկացումը

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 22 յուլիսին գումարուելիք նիստի օրակարգին վրայ պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանին Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամէն 10 միլիոն եւրօ յատկացնելու եւ Հայաստանի հետ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման երկխօսութեան հարցերը:

Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամէն տրամադրուելիք օժանդակութիւնը Հայաստանի պաշտպանունակութեան ամրապնդման նպաստելու ուղղուած պիտի ըլլայ: Եւրոպական Միութիւնը կարեւոր կը նկատէ արտակարգ կացութիւններու մէջ քաղաքայիններու պաշտպանութիւնը, եւ այս օգնութիւնը շեշտը կը դնէ նմանատիպ նպատակային ծախսերու վրայ: Նախատեսուած օգնութիւնը ոչ մէկ պարագայի պիտի ծառայէ մահաբեր զէնք-զինամթերք գնելուն, եւ պիտի չենթադրէ զինուորական միացեալ ռազմափորձեր, որովհետեւ Եւրոպական Միութիւնը բանակ չունի:

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ընթացքին կը նախատեսուի նաեւ հաստատել Եւրոպական յանձնաժողով-Հայաստան երկխօսութեան մեկնարկը մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ:

Երկխօսութեան մեկնարկէն ետք զայն վարելու հիմնական գործիքը պիտի ըլլայ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման գործողութիւններու ծրագիրը, որ պիտի ներկայացուի Հայաստանի իշխանութիւններուն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2024, 07:40