Ըստ «Կարտիընի»ի՝ նախքան Cop29-ը արեւմտեան երկիրներու լրագրողներու Ատրպէյճան մուտքը արգիլուեցաւ
Արեւմտեան լրագրողներու արգելուեցաւ մուտք գործել Ատրպէյճան՝ Յուլիսի սկիզբը տեղի ունենալիք ուժանիւթի արդիւնաբերութեան համաժողովին: Ասիկա դարձեալ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ լրատուամիջոցներուն նկատմամբ պետական ճնշումներու վերաբերեալ նախքան այս տարուան աւարտին Պաքուի մէջ կայանալիք Cop29-ի` կլիմայի շուրջ ՄԱԿի կարեւոր բանակցութիւնները։ Այս մասին կը գրէ բրիտանական «Կարտիըն»ը (The Guardian):
Մեծն Բրիտանիայէն եւ Ֆրանսայէն առնուազն երեք լրագրողներ յայտնեցին, որ իրենք ապահով չեն զգար Baku Energy Week ֆորումին մասնակցելու համար մերժում ստանալէ ետք, հակառակ անոր որ շաբաթներ առաջ արձանագրուած են նախաձեռնութիւններու կազմակերպիչներուն մօտ:
Լրագրողները նշեցին, որ իրենց չեն տրուած հիմնաւոր պատճառներ, թէ ինչո՛ւ մերժուած են իրենք, սակայն կազմակերպիչներու հետ «վախնալիք» եւ «ահաբեկող» հանդիպումներէ ետք որոշած են հեռանալ հանդիպման վայրէն:
Համաժողովը տեղի ունեցած է նախքան Human Rights Watch-ի բացայայտումը, երբ կազմակերպութիւնը վերջին մէկ տարուան ընթացքին Ատրպէյճանի մէջ արձանագրեց լրագրողներու եւ գործիչներու ձերբակալման եւ դատապարտման առնուազն 25 պարագաներ: Գրեթէ բոլորը կը շարունակեն բանտարկուած մնալ։
Քաղաքացիական հասարակութեան խումբեր մտահոգութիւն յայտնեցին, որ կլիմայի քարոզչութիւնը այս տարուան աւարտին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿի Cop29 կլիմայի շուրջ բանակցութիւններէն առաջ ճնշման ենթարկուած են։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ