Որոնել

LEBANON BEIRUT BLAST

Պէյրութի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը իր քաղաքացիներուն կոչ ըրած է արագօրէն լքելու Լիբանանը

ԱՄՆ-ի այն քաղաքացիներուն, որոնք որոշած են չլքել Լիբանանը, դեսպանութիւնը խորհուրդ տուած է պատրաստել գործողութիւններու ծրագիր արտակարգ իրավիճակի պարագային եւ պատրաստ ըլլալ երկար ժամանակ մնալու թաքստոց:

Պէյրութի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը ԱՄՆ քաղաքացիներուն կոչ ըրած է լքելու Լիբանանը՝ օգտուելով ցանկացած հասանելի թռիչքներէ:

«Մենք կոչ կ'ընենք անոնց, որոնք կը ցանկան լքել Լիբանանը, ամրագրել իրենց հասանելի ցանկացած տոմս, նոյնիսկ եթէ այդ թռիչքը նախընտրելի երթուղիով չէ: ԱՄՆ-ի այն քաղաքացիները, որոնք տուն վերադառնալու համար միջոցներ չունին, կրնան դիմել դեսպանութիւն՝ հայրենադարձութեան վարկերու տեսքով ֆինանսական օգնութիւն ստանալու համար»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

ԱՄՆ-ի այն քաղաքացիներուն, որոնք որոշած են չլքել Լիբանանը, դեսպանութիւնը խորհուրդ տուած է պատրաստել գործողութիւններու ծրագիր արտակարգ իրավիճակի պարագային եւ պատրաստ ըլլալ երկար ժամանակ մնալու թաքստոց:

Աղբիւրը` Արեւելք    

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2024, 08:00