Որոնել

LEBANON-ISRAEL-UN-CONFLICT-POLITICS

Ապահովութեան Խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշեց մէկ տարիով երկարաձգել ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը

Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը առաջարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը երկարաձգել 12 ամիսով` նշելով, որ Հարաւային Լիբանանի մէջ պատերազմ ծագելու վտանգը մեծ է:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երէկ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման շուրջ նիստ մը գումարեց` քննարկելով Ֆրանսայի իբրեւ խորհուրդին մէջ «գրիչ կրող» ներկայացուցած առաջարկը:

Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը առաջարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը երկարաձգել 12 ամիսով` նշելով, որ Հարաւային Լիբանանի մէջ պատերազմ ծագելու վտանգը մեծ է:

Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը քայքայուեցաւ, երբ Հըզպալլան 8 հոկտեմբերին հիւսիսային Իսրայէլը ռմբակոծեց»: Ան նաեւ նշեց. «Հըզպալլայի արարքները Իսրայէլի եւ Լիբանանի մէջ քաղաքայինները կը վտանգեն»:

«Իսրայէլ Հըզպալլայի յարձակումներուն լոյսին տակ ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքը ունի», ըսաւ ան:

«Պէտք է Լիթանի գետի հարաւը ապազինեալ գօտի ստեղծել, բացառութեամբ լիբանանեան բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ին», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը:

Բրիտանիոյ ներկայացուցիչը իր կարգին նշեց. «Հարաւային Լիբանանի Կապոյտ գիծին վրայ կացութիւնը աւելի վտանգաւոր է, քան երբեւէ»:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրեց Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու որոշումը:

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, մեկնաբանելով Ապահովութեան խորհուրդին որդեգրած որոշումը, «խոր երախտագիտութիւն» յայտնեց խորհուրդի անդամներուն, մասնաւորաբար Ֆրանսային, «այս հարցին շուրջ միաձայնութիւն ապահովելու համար իր թափած ամբողջ ջանքին համար, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ անոր մէջ կայունութեան համար իր թափած ջանքերուն համար»:

Միքաթի նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն` «լիբանանեան իւրայատկութեան նկատմամբ անոնց հասկացողութեան համար»:

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպին` իր թափած ճիգին համար:

«ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութեան վերանորոգումը կարեւոր է հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան պահպանման համար, եւ մենք կը գնահատենք այդ ուղղութեամբ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ աջակցութիւնն ու շարունակուող գործակցութիւնը», ըսաւ Միքաթի:

«Կը վստահեցնենք, որ Լիբանան յանձնառու է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ սերտ կերպով աշխատելու` դիմակայելու համար մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները, զորս կը դիմագրաւէ հարաւի մէջ կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատենք Լիբանանի յանձնառութիւնը միջազգային առնչակից որոշումներուն, նախ եւ առաջ թիւ 1701 որոշումին գործադրութեան նկատմամբ», յայտարարեց Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատարը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2024, 08:23