Լոյս տեսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի 50ամեակին նուիրուած յուշամատեանը
Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ «Շնորհալի» երգչախումբի յոբելեանին նուիրուած «50 Տարի Երաժշտութիւն Եւ Ինքնութիւն» խորագիրով յուշամատեանը։
Յուշամատեանը համապարփակ ներկայացումն է երգչախումբին երկարամեայ գործունէութեան, որուն ամբողջացման համար խմբագրական կազմը դիմած է կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթին, ինչպէս նաեւ անհատներու եւ նախկին անդամներու վկայութեան։
Յառաջաբանէն ետք հատորը կը բացուի կաթողիկոսարանի երգչախումբի հիմնադիր հայրապետ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակով, որուն կը յաջորդեն Արամ Ա. կաթողիկոսին երկու սրբատառ կոնդակները՝ երգչախումբի հիմնադրութեան 50ամեակին եւ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին 850ամեակին առիթով հրապարակուած։ Ապա յաջորդաբար կը կարդանք Շնորհալի հայրապետին ամփոփ կենսագրականը, երգչախումբին պատմականը եւ խմբավարներուն կենսագրութիւններն ու սիրտի խօսքերը։
Գիրքը արտայայտութիւնն է նաեւ երգչախումբին վարչական գործունէութեան, 50ամեայ ուղեւորութիւններուն եւ տրուած համերգներուն մասին, ինչպէս նաեւ ամփոփ կերպով կը ներկայացնէ երգչախումբին ընկերային կեանքը եւ հրապարակուած խտասալիկները։ Հատորին մէջ տեղ ունին երգչախումբի հին եւ նոր անդամներու անուանացանկը եւ շատերու սիրտի խօսքերը, նաեւ՝ վկայութիւններ, քրոնիկներ եւ երգչախումբին կանոնագիրը։
Շուրջ 230 էջերէ բաղկացած այս պատկերազարդ հատորը հանրագիտարանի մը եւ վկայագիրի մը պէս կը յիշեցնէ մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին մշակութասէր ու եկեղեցասէր ոգիի գոյութիւնը եւ մեզ կը հրաւիրէ կառչած մնալու մեր ինքնութեան։
Յայտնենք, որ յուշամատեանը ունի խմբագրական կազմ մը՝ բաղկացած հետեւեալ անձերէն.
Զաւէն վրդ. Նաճարեան (խմբավար եւ փոխխմբագիր)
Սեւան Դանիէլեան–Մկրեան (խմբագիր)
Շողիկ Եփրեմեան (խորհրդական)
Դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան–Խիւտավերտեան (խորհրդական)
Խաժակ Պոյաճեան (խորհրդական)
Կարօ Յովհաննէսեան (խորհրդատու):
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ