Որոնել

2023.12.07 Riunione Mensile Vescovi Maroniti - Bkerke - Libano - mercoledì 6 dicembre 2023

Մարոնի Եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին դադրեցնելու համար «այս անիրաւ պատերազմը»

Եպիսկոպոսները իրենց ցաւը եւ մարդկային ու եղբայրական կարեկցանքը արտայայտեցին հարաւային Լիբանանի, Պեքաայի, ինչպէս նաեւ Կազայի ու Այսրյորդանանի մէջ հարազատներու նկատմամբ կատարուող սպանութեան, տուներու եւ ապրուստի միջոցներու քանդման նկատմամբ:

Մարոնի եպիսկոպոսները մարոնի պատրիարքութեան Տիմանի ամառնային հովոցին մէջ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին նախագահութեամբ իրենց ամսական ժողովի ընթացքին ամբողջ խորհրդարանին, անոր նախագահութեան, պլոքներուն եւ անկախ երեսփոխաններուն կոչ ուղղեցին քաղաքական բանավէճերէն եւ զարմանալի ու անօգուտ մեկնաբանութիւններէն հեռու մնալով հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան շտապելու:

Եպիսկոպոսները իրենց ցաւը եւ մարդկային ու եղբայրական կարեկցանքը արտայայտեցին հարաւային Լիբանանի, Պեքաայի, ինչպէս նաեւ Կազայի ու Այսրյորդանանի մէջ հարազատներու նկատմամբ կատարուող սպանութեան, տուներու եւ ապրուստի միջոցներու քանդման նկատմամբ:

Անոնք միջազգային մարմիններուն ու ազդեցիկ պետութիւններուն կոչ ուղղեցին պէտք եղած ջանքը թափելու` դադրեցնելու համար «այս անիրաւ պատերազմը, որովհետեւ խաղաղութեան հաստատման եւ Լիբանանի ու շրջանին մէջ մարդուն բարիքին համար արդար երկխօսութեան այլընտրանք գոյութիւն չունի»:

Մարոնի եպիսկոպոսները դատապարտեցին վարչակարգին ու իշխանութեան գործընկերութեան մէջ փոփոխութիւններ յառաջացնելու մտադրութեամբ Լիբանանի մէջ բնակչութեան մարդահամարի հարցի արծարծումը` պահպանելու համար Լիբանանի ինքնութիւնը իբրեւ համաձայնութեան ու համակեցութեան երկիր եւ պաշտպանելու համար ազգային ուխտը, որ Լիբանանի ստեղծման եւ անոր անկախութեան հիմքն է:

Եպիսկոպոսները անդրադառնալով ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ դպրոցական նոր տարեշրջանի հարցին` շեշտեցին, որ դպրոցական ու համալսարանական կրթաթոշակները պէտք է ճշդուին  կրթական ընտանիքը բաղկացնող մասերուն միջեւ թափանցիկ ու պատասխանատու երկխօսութեան մթնոլորտի մէջ` հեռու մնալով լարուած ու գրգռիչ հռետորաբանութենէն, որպէսզի կրթութիւնը հեռու մնայ վերիվայրումներէն ու խոչընդոտումներէն:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2024, 08:00