Որոնել

Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Հոգեւոր Տիրոջ Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Հոգեւոր Տիրոջ 

Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Հոգեւոր Տիրոջ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ: Եղբայրական սիրոյ եւ գործակցական ոգիի արտայայտութեան առընթեր, յիշեալ այցելութեան նպատակն էր ողջունել երջանկայիշատակ կարտինալ-պատրիարք Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի մարմնոյն Վատիկանէն Լիբանան փոխադրութեան նախաձեռնութիւնը:

Ուրբաթ, 13 սեպտեմբեր 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ: Եղբայրական սիրոյ եւ գործակցական ոգիի արտայայտութեան առընթեր, յիշեալ այցելութեան նպատակն էր ողջունել երջանկայիշատակ կարտինալ-պատրիարք Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի մարմնոյն Վատիկանէն Լիբանան փոխադրութեան նախաձեռնութիւնը:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու երջանկայիշատակ հոգեւոր տիրոջ ծառայութեան` թէ՛ իբրեւ Վատիկանի «Հաւատոյ տարածման» բաժանմունքի նախագահ եւ թէ՛ իբրեւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք: Ապա, խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան առնչուած հարցերուն եւ Հայաստանի կացութեան վրայ:

Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետի կողքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան եւ միաբան հայրեր, իսկ հոգեւոր տիրոջ կողքին` գերապայծառներ եւ հոգեւոր հայրեր:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2024, 08:00