Որոնել

Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահը՝ Մաքրոն Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահը՝ Մաքրոն 

Ատրպէյճան արձագանգեց Ֆրանսայի նախագահին՝ «Ֆրանսա ուս-ուսի կանգնած է Հայաստանի կողքին» յայտարարութեան

Պաքու Ֆրանսան կը մեղադրէ տարածաշրջանին մէջ «ապակառուցողական գործունէութեան» մէջ: Այս մասին յայտարարեց երկրին արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ:

Պաքու Ֆրանսան կը մեղադրէ տարածաշրջանին մէջ «ապակառուցողական գործունէութեան» մէջ: Այս մասին յայտարարեց երկրին արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ:

«25 Սեպտեմբերին, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին ունեցած ելոյթին ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւնները, որ՝ «Ֆրանսա ուս-ուսի ամուր կանգնած է, կը գտնուի Ատրպէյճանի եւ անոր տարածքային նկրտումներու ճնշումին տակ», ընդհանուր առմամբ խաղաղութեան գործընթացին Ֆրանսայի կողմնակալ հայանպաստ մօտեցումին մէկ օրինակն է», բողոքեց Հաճիզատէ, ըստ որուն, անընդունելի է, որ Երեւանի «վրէժխնդրութեան նախապատրաստող» եւ այս երկրին լայնածաւալ զինում իրականացնող Ֆրանսա ատրպէյճանական կողմը մեղադրէ ճնշման մէջ: Ան աւելցուց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ֆրանսայէն կը պահանջէ դադրեցնել տարածաշրջանին մէջ «ապակառուցողական գործունէութիւնը»:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2024, 07:45