Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ Իսրայէլեան բուռն յարձակում
Իսրայէլեան օդուժը երէկ բուռն յարձակում մը գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Հարեթ Հրէյք շրջանին վրայ: «Հատաս» հաղորդեց, որ միայն 3 վայրկեանի մէջ 10 հրթիռներ հարուածած են շրջանը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ օգտագործուած են 2000 թոն կշռող ամրոցներ քանդող ռումբեր: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 6 շէնքեր գետնի հաւասար դարձած են:
Յարձակումին պատճառով արձանագրուեցան 2 զոհեր եւ 76 վիրաւորներ:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ հարուածած է Հըզպալլայի գլխաւոր կեդրոնատեղին եւ անոր ղեկավարութեան կեդրոնը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշեցին, որ յարձակումին նպատակը Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկումն է, սակայն նախնական տուեալները բաւարար չեն հաստատելու կամ հերքելու, թէ ան սպաննուա՞ծ է, թէ՞ ոչ:
Ապահովական աղբիւրներ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը կը գտնուի ապահով վայրի մը մէջ, եւ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն հաղորդած լուրերը ճիշդ չեն: «Թասնիմ» աւելի ուշ սակայն հաղորդեց, որ Նասրալլայի վիճակին մասին հաստատ տեղեկութիւններ չկան, ապա դարձեալ հաղորդեց, որ ան եւ անոր տեղակալ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին ողջ-առողջ են:
Իսրայէլեան «Հաարեց»-ը իր կարգին նշեց, որ մահափորձը ձախողած է: Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ սէյիտ Նասրալլան ողջ-առողջ է: Աւելի ուշ, սակայն, իսրայէլեան «Մաարիւ»-ը նշեց. «Գնահատականները հետզհետէ կը շատնան, թէ սէյիտ Հասան Նասրալլան վիրաւորուած է»: Իսրայէլեան լաւատեղեակ աղբիւր մըն ալ «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց. «Իսրայէլեան գնահատումները ցոյց կու տան, թէ Հասան Նասրալլայի ահաբեկումը յաջողած է»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.»-ին ըսաւ. «Նասրալլան ու անոր կարգ մը օգնականները յարձակումի ատեն արագ այցելութեամբ Պէյրութ կը գտնուէին»: Ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ոեւէ անձ, որ Հըզպալլայի կեդրոնատեղիին մէջ կը գտնուէր, ողջ դուրս պիտի չգայ»:
Փենթակոն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ մասնակից չէին գործողութեան եւ նախապէս անկէ տեղեակ չէին: «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ կը խօսէր, երբ Իսրայէլ Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակում կը գործէր», նշեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդեց. «Վարչապետը որոշեց Նիւ Եորքէն վերադարձը յառաջաձգել եւ այս գիշեր Նիւ Եորքէն պիտի մեկնի»: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց. «Կը նախատեսուի, որ Նեթանիահուն Իսրայէլ էջք կատարելէ անմիջապէս ետք ապահովական խորհրդակցութիւններ կատարելու ուղղուի»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը կը հաղորդէ, որ «Հասան Նասրալլայի վերապրած ըլլալուն կարելիութիւնը բացառուած է»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ