Որոնել

Պուտափեշտի մէջ․ Ցուցահանդէս՝ Երուսաղէմի հայկական լուսանկարչութիւնը 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն Պուտափեշտի մէջ․ Ցուցահանդէս՝ Երուսաղէմի հայկական լուսանկարչութիւնը 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն 

Պուտափեշտի մէջ․ Ցուցահանդէս՝ Երուսաղէմի հայկական լուսանկարչութիւնը 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն

Պուտափեշտի «Փազմանի Փիթըր» կաթողիկէ համալսարանի (Pázmány Péter Katolikus Egyetem) Հայագիտական բաժինը, տեղւոյն գեղարուեստի համալսարանի հետ համատեղ կազմակերպած է ցուցահանդէս եւ գիտաժողով՝ Երուսաղէմի հայերու հարուստ լուսանկարչական ժառանգութեան վերաբերեալ: v

Պուտափեշտի «Փազմանի Փիթըր» կաթողիկէ համալսարանի (Pázmány Péter Katolikus Egyetem) Հայագիտական բաժինը, տեղւոյն գեղարուեստի համալսարանի հետ համատեղ կազմակերպած է ցուցահանդէս եւ գիտաժողով՝ Երուսաղէմի հայերու հարուստ լուսանկարչական ժառանգութեան վերաբերեալ:

Պաղեստինի հայերու պատմութիւնը սկսած է չորրորդ դարաշրջանին՝ քրիստոնէական սուրբ վայրերու յայտնաբերումէն ետք, հայ ուխտաւորներու Երուսաղէմ ժամանումով: Թէեւ 7-րդ դարաշրջանին հայ առաքելական եկեղեցին այդ քաղաքին մէջ ունի եպիսկոպոս, սակայն Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը իր ներկայի կառոյցով հիմնադրուած է 14-րդ դարու առաջին տասնամեակին։ Պատրիարքարանի հետ մէկտեղ աշխարհական համայնքը, իր մշակութային եւ քաղաքական կազմակերպութիւններով, բնակութիւն հաստատած է հին քաղաքի այն թաղամասին մէջ, որ կը կոչուի հայկական թաղամաս։ Սփիւռքահայ համայնքի մնայուն հին կառոյցներէն է։

«Capturing Eternity: Jerusalem Armenian Photography in the 19th and 20th Centuries» («Ներգրաւելով Յաւերժութիւնը․- Երուսաղէմի Հայկական Լուսանկարչութիւնը 19-րդ եւ 20-րդ Դարերուն») ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ տեղւոյն գաղութին պատմութիւնը, լուսանկարիչներու ոսպնեակի ետին։ Պատրիարք Եսային Կարապետեան 1860-ականներուն սկսած է նկարել հայկական թաղամասը։ Իր աշակերտներէն՝ Կարապետ Գրիգորեան կը հիմնէ Երուսաղէմի առաջին լուսանկարչատունը, որուն արհեստը կը շարունակէ իր զաւակը։

Կարապետ Գրիգորեանի աշակերտներէն՝ Խալիլ Ռաատ կը նկատուի Պաղեստինի առաջին արաբ լուսանկարիչներէն մէկը։ Մինչ այդ, այլ քանի մը լուսանկարիչներ արդէն իսկ կը գործէին Երուսաղէմի մէջ։

Այս հարուստ արխիւները օգտագործելով, ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ տարիներու վրայ երկարող գաղութին ազգային եւ կրօնական պատկերները, որոնց մէջ կան դիմանկարներ, ծէսեր, գաղութի կեանքէն առնուած հաւաքներ։ Լուսանկարները տրամադրուած են Հայոց ցեղասպանութեան հիմնարկ-թանգարանին (Երեւան), Ա․Մ․Ն․ Քոնկրէսի գրադարանին (Ուաշինկթըն), Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Նուպար» գրադարանին (Փարիզ), «Project Save Photograph Archive» հիմնարկին (Պոսթըն) եւ «Գալուստ Կիւլպենկեան»  հիմնարկին (Լիզպոն) կողմէ։

Այս ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի Սեպտեմբեր 20-ին, Պուտափեշտի գեղարուեստի համալսարանի շքեղ «Aula Hall» (Andrássy street 69-71, Budapest) սրահին մէջ։ Բացման հանդիսութիւնը յատուկ հրաւէրով է։ Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 9 եւ մուտքը ազատ է։ Սեպտեմբեր 30-ին, անգլերէն լեզուով պիտի կատարուի յատուկ ներկայացում եւ այցելութիւն։

Ցուցահանդէսի բացման յաջորդ օրը՝ Սեպտեմբեր 21-ին, միեւնոյն վայրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ միջազգային գիտաժողովը (մուտքը՝ ազատ) , նիւթ ունենալով Երուսաղէմի հայկական լուսանկարչական ժառանգութիւնը։ Այս առթիւ, հրաւիրուած են մասնագէտ եւ ականաւոր դասախօսներ՝ Հունգարիայէն, Հայաստանէն, Ա․Մ․Ն․-էն, Յունաստանէն եւ Քաթարէն: Ցուցահանդէսին եւ գիտաժողովին մասին նիւթերը պիտի հրատարակուին յատուկ հատորով մը, խմբագրութեամբ՝ Կարէն Ճալլաթեանի եւ գործակցութեամբ՝ Տիանա Ղազարեանի։

Պուտափեշտի «Փազմանի Փիթըր» կաթողիկէ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի ուսանողը համոզուած է, որ այս ձեռնարկը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ ներկայացնելու Երուսաղէմի հայկական սփիւռքի մշակոյթը՝ Եւրոպայի նշանաւոր մայրաքաղաքներէն մէկուն մէջ։

Այս ցուցահանդէսը, գիտաժողովն ու խմբագրուած հատորը հովանաւորողներն են՝ դասախօս Պալինթ Քովաչը, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը, Լայփցիկի (Գերմանիա) Արեւելեան Եւրոպայի պատմութեան եւ մշակոյթի հիմնարկը (GWZO) եւ Պուտափեշտի «Փազմանի Փիթըր» կաթողիկէ համալսարանն ու Հունգարիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2024, 07:30