Որոնել

The Indian national flag is seen fluttering at the historic Red Fort, in Delhi

Հնդկաստան կը գնահատէ հայերուն բացառիկ դերը հնդկական հանրութեան զարգացման մէջ

Հնդկաստանի մէջ հայկական ներկայութեան վառ օրինակներէն է 1688ին կառուցուած Կալկաթայի եկեղեցին, իսկ այսօր եւս հայերը ներկայութիւն են Կալկաթայի եւ Հնդկաստանի զանազան համայնքներու մէջ։

Հնդկաստան եւ Հայաստան կը ձգտին խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ բոլորին համար նախընտրելի համակեցութեան: Անկէ կը բխի «Արհեստագիտութիւն բարեկեցութեան համար» հայեցակարգը: Միացեալ ջանքերով արձանագրուած յաջողութիւնները կ՛արտացոլեն այդ սկզբունքները տարբեր բնագաւառներու մէջ, ներառեալ՝ տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտը: Հայերը եւ հնդիկները էական դեր կը խաղան թուային մայրուղիներ կառուցելուն մէջ, որուն շնորհիւ աշխարհը կը վերածուի «համաշխարհային բնակավայրի, կը դառնայ աւելի լաւ, քան անցեալին»։ «Հայաստան Հնդկաստանի եւ Հնդկաստան Հայաստանի մէջ» մշակութային համաժողովին այս հաստատումը կատարեց Հնդկաստանի շրջակայ միջավայրի եւ արտաքին գործոց պետական նախարար Քիրթի Վարտհան Սինխ: 

Ան շեշտեց, որ, հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութեան, երկու ժողովուրդներուն միջեւ սերտ կապեր կան, աւելին՝ Հնդկաստան ոչ միայն ծանօթ է Հայաստանին, այլ նաեւ կը գնահատէ հայերուն ունեցած բացառիկ դերը հնդկական հանրութեան զարգացման մէջ՝ յիշելով հայերուն հաստատուիլը եւ գործելը Հնդկաստանի մէջ։ Ան յատկապէս դիտել տուաւ, որ Հնդկաստանի մէջ հայկական ներկայութեան վառ օրինակներէն է 1688ին կառուցուած Կալկաթայի եկեղեցին, իսկ այսօր եւս հայերը ներկայութիւն են Կալկաթայի եւ Հնդկաստանի զանազան համայնքներու մէջ։ Ան յուզիչ նկատեց, որ Երեւանի մէջ բացուած ցուցահանդէսին բաժին մը նուիրուած է երկու երկիրներուն ընդհանուր ժառանգութեան փառահեղ գլուխներուն: Ցուցահանդէսը լուսարձակի տակ կը բերէ այն ամուր պատմական հիմքը, որուն վրայ խարսխուած են երկու երկիրներու սերտ կապերը եւ ներուժը, որոնք միտուած են ապագային:

Սինխ նշեց, որ ընդհանուր արժէքները աւելի մեծ նշանակութիւն կը ստանան այսօրուան աշխարհին մէջ, որ լեցուն է մարտահրաւէրներով: «Մեր երկու երկիրներուն շահերէն կը բխի երկկողմ գործընկերութիւնը` համաշխարհային կայունութեան ամրապնդման հասնելու ճամբուն վրայ: Մենք ունինք եզակի ներուժ` այդ նպատակը իրագործելու համար», ըսաւ Սինխ։   

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2024, 07:00