«Որպէսզի Արմատները Պահենք». Դոկտ Հրայր Ճէպէճեան
Հայուն պատմութիւնը տարածուած է քիչ մը ամէն տեղ: Այս տարածուած վիճակին մէջ հայը կերտած է մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն: Այս ակներեւ է, երբ կը հանդիպիս հայկական իրականութիւններու, որոնք ունին երկար ժամանակներու վրայ տեւած պատմութիւն: Այս պատմութեան մէկ խօսուն իրականութիւնը Կրետէի (Յունաստան) հայերն են:
Կրետէ, 21-26 օգոստոս 2024:Կրետէ կղզին կը գտնուի Միջերկրական ծովուն արեւելեան կողմը եւ Եգէական ծովուն հարաւը: Հայերու ներկայութիւնը Կրետէի մէջ աւելի քան հազար տարուան պատմութիւն ունի: 11-րդ դարէն սկսեալ արդէն հայեր ապրած են Հերակլիոնի մէջ: Այս փոքրաթիւ հայկական գաղութը չբաւարարուեցաւ միայն անձնական կեանքեր կառուցելով, այլ նաեւ տեսաւ հաւաքական կեանքի կարեւորութիւնը: Այս հաւաքական կեանքի այսօրուան մէկ լաւագոյն խօսուն եւ ապրող իրականութիւնը Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին է, որ հիմնուած է 1669 թուականին, եւ որ մինչեւ այսօր տակաւին կը վկայէ:
Եւ վկայութի՞ւնը:
Եզնիկ արք. Պետրոսեան լծուած է տենդագին աշխատանքի` վերակազմակերպելու եւ վերաշխուժացնելու եկեղեցին եւ համայնքը, երեւի մօտաւորապէս հազար հայորդիներով: Եթէ անոնց մեծ մասը կ՛ապրի Հերակլիոն, բայց նաեւ տարածուած են կղզիին այլ քաղաքներուն մէջ: «Գաղութին մէջ ունինք հայեր, որոնք հոս ծնած են, բայց կան նաեւ Հայաստանէն հաստատուած հայորդիներ», ըսաւ սրբազան հայրը: «Ինծի համար բոլորն ալ հայ են, եւ ես իրենց հայրն եմ: Երբեք թոյլ պիտի չտամ, որ տարբերութիւններ դրուին իրարու միջեւ», վստահեցուց սրբազանը:
Եզնիկ սրբազանին հետ զրուցեցինք գաղութի հայապահպանման գործընթացին մասին: Սրբազանը լաւատես է, ինչ որ ուժ եւ նոր տեսիլք կը սրսկէ գաղութի կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ: «Մեր ժողովուրդին զաւակները կը հաւատան, որ եթէ եկեղեցիին կողքին են, ուրեմն հայ են», ըսաւ ան:
Կրետէի մէջ ազգային ուրիշ կառոյց չկայ` բացի հայկական եկեղեցիէն: Տարիներ շարունակ Հայ եկեղեցիին ունեցած պատմական ներկայութիւնը եւ անոր անհրաժեշտութիւնը դարձեալ կը շեշտուի` այս անգամ Կրետէի մէջ: Հայ եկեղեցին հայուն հոգեւոր եւ ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւոր հիմքն է: Իսկ Կրետէի համար միակն է:
Աննա Թանթուշեան ծնած է Լոռի, Հայաստան: 1998 թուականին եկած է Կրետէ: Աննան ունի երկու զաւակներ: Եթէ 26 տարիէ ի վեր ան ձգած է իր հայրենի տունը, բայց իր սրտին մէջ ամուր կը սեղմէ Հայաստանի կարօտը: «Պանդխտութեան ճանապարհով եկայ Կրետէ,- ըսաւ Աննա: – Հայրենիքի մէջ ստեղծուած դժուար օրերու պայմանները ստիպեցին, որ ձգեմ իմ տունս եւ հողս»:
Աննայի համար կան երեք սրբութիւններ` հաւատքը, լեզուն եւ հայրենասիրութիւնը: «Անհրաժեշտ է, որ արմատները պահենք», ըսաւ Աննա: Ան իր զաւակները հայ մեծցուցած է եւ շաբաթ օրերը իր տան մէջ հայ մանուկներուն համար կը կազմակերպէ հայերէնի դասընթաց` անվճար: Աննան կը հաւատայ, որ «արմատները պէտք է պահել»: Ան հաւատքէն անցած է գործնական աշխատանքի եւ կ՛ուզէ, որ հայ մանուկները Կրետէի մէջ նոյնպէս պահեն իրենց արմատները:
Ժիրայր Պալըգճեան եկեղեցիին սարկաւագն է: Ան 97 տարեկան է: Ամէն կիրակի իր ամբողջ ուժով իր պարտականութիւնը կը կատարէ մեծ սիրով եւ նուիրուածութեամբ: «Ինը տարեկանին եկեղեցի մտայ եւ մինչեւ այսօր տակաւին հոս եմ: Հիմա 97 տարեկան եմ,- ըսաւ Ժիրայր: – Արմատներս հայկական են: Արմատները որքան որ ջրես, այդքան կը մեծնան»: Ժիրայրին դէմքին վրայ եթէ մէկ կողմէ կար ժպիտ, բայց կար նաեւ հաւատք, որ ինծի հետ բաժնեց այդ օր:
Սանդի Աւետիսեանը եկեղեցիին Թաղական խորհուրդի գանձապահն է: Աշխուժ ներկայութիւն է գաղութին մէջ: Սանդիի հօրենական մեծ ծնողքը եկած են Զմիւռնիայէն` Ցեղասպանութենէն առաջ: Անոնք հիմնած են իրենց սեփական կօշիկի վաճառատունը` 1900 թուականին: Իրենց երկար տարիներու նուիրական աշխատանքին համար Աւետիսեանները պարգեւատրուած են պետական մրցանակով:
«Մեծ հարստութիւն է հայ ըլլալը,- ըսաւ Սանդի: – Բայց նոյնքան պարտաւորութիւն է հայ ըլլալը, որովհետեւ կ՛ապրինք Յունաստան եւ պէտք է հաւասարակշռենք մեր յունական եւ հայկական իրականութիւնները»: Սանդիին ամուսինը յոյն է: Բայց իր տղայ զաւկին անունը դրած է Յովհաննէս: Այս Սանդիին հարստութիւնն է, որ կը կիսէ հայուն եւ յոյնին հետ: «Հայերէնը տունը եւ եկեղեցիին մէջ սորվեցայ,- ըսաւ Սանդի: – Եկեղեցին մեր տունը, դպրոցը եւ մեր ինքնութիւնն է: Երբ եկեղեցիին դռները բաց են, ժողովուրդը կը խանդավառուի»:
«Հայկական դպրոց չեմ գացած,- խօսողը Յովսէփ Պալըգճեանն է, որ արդէն թեւակոխած է 90 տարիքը: – Հայերէն խօսիլ, գրել եւ կարդալ սորվեցայ եկեղեցիին միջոցով»: Յովսէփին դէմքին վրայ գծուեցաւ փոքր ժպիտ մը, որ կ՛արտայայտէր իր գոհունակութիւնը Հայ եկեղեցիին նկատմամբ: Յովսէփ փաստաբան է մասնագիտութեամբ: Ան աւելի քան 40 տարի եղած է եկեղեցիին Թաղական խորհուրդին ատենապետը: «Երեք տարեկան էի, երբ սկսայ եկեղեցի գալ եւ մոմ բռնել»: Եթէ այսօր Յովսէփ մոմ չի բռներ, բայց տակաւին հաստատ քայլերով կը յաճախէ եկեղեցի: Եթէ կը յաճախէ եկեղեցի, որովհետեւ, եւ ինչպէս որ ինք կ՛ըսէ, «Հայութիւնը կը սիրեմ եւ պատիւ կը զգամ, որ հայ եմ: Ես կ՛ուզեմ օգնել իմ ժողովուրդիս»:
Թագուհի Պագըրճեանը Հերակլիոն ծնած է: Ան ֆրանսերէնի ուսուցչուհի է: Թագուհին լծուած է Կրետէի հայ գաղութի արխիւներու ուսումնասիրութեան: «Թրքական արխիւներն ալ կ՛ուսումնասիրեմ, քանի հոն հայերու մասին շատ տեղեկութիւններ կան», ըսաւ Թագուհի: Թագուհին ալ կ՛ապրի հայուն ցաւը` Ցեղասպանութիւնը: Այս ցաւը Թագուհին կը մղէ, որ աւելիով խօսի հայուն մշակութային եւ գրական ժառանգութեան մասին: «Կ՛ուզեմ, որ յոյները աւելի ճանչնան հայուն մշակութային մեծ հարստութիւնը», ըսաւ Թագուհին:
Վիթալի Տէր Գրիգորեան կ՛ապրի Կրետէի Խանիա քաղաքը, որ Հերակլիոնէն աւելի քան երկու ժամ հեռու է: Ան իր հինգ զաւակներով եկած էր Հերակլիոն` պատարագին ներկայ ըլլալու համար` Աստուածամօր Վերափոխման տօնին: Վիթալիի մեծ ծնողքը եղած են Արցախէն: Վիթալի ծնած է Գերմանիա, ուրկէ անցած է Ղազախստան եւ 2017-ին հասած է Կրետէ:
«Հպարտ հայ եմ, անկախ անկէ որ հայերէն չեմ գիտեր», ըսաւ Վիթալի: Վիթալին կ՛ապրի հայուն Ցեղասպանութիւնը եւ անոր ցաւը: Ան իր սրտին վրայ կը շալկէ նաեւ Արցախի ցաւը: Եւ ինչպէս չշալկէ Արցախի ցաւը, երբ իր արմատները հոնկէ են: Վերջապէս, ինչպէս որ ինք ըսաւ. «Ես հարիւր առ հարիւր հայ եմ»:
Անտոնիս Պենարտիսը ծնած է Աթէնք: Բայց իր կեանքի սէրը, որ պիտի դառնար իր կողակիցը, զինք բերած է Հերակլիոն, եւ ան բնակութիւն հաստատած է այս գեղեցիկ քաղաքին մէջ: Անտոնիսի հայրը յոյն է, իսկ մայրը` հայ: Մօրենական մեծ ծնողքը եկած են Զմիւռնիայէն եւ անցած են Ցեղասպանութեան ահաւոր փորձառութեան մէջէն: Անտոնիս կը պատմէ իր ընտանեկան պատմութիւնը, եւ ես կը տեսնէի իր դէմքի արտայայտութիւններէն, թէ որքա՛ն ցաւ շալկած է ան: Չուշացաւ Անտոնիսի պատմութեան խրախուսիչ մասը. «Ես մեծցայ մեծ մայրիկիս հետ, եւ ան ինծի սորվեցուց ըսել` «Հայ եմ ես, հայ եմ ես, քաջ Վարդանի թոռն եմ ես»»:
Անտոնիս այսօր կը կենայ իբրեւ «քաջ Վարդանի» հայը: Ան ամուսնացած է հայուհիի մը հետ եւ ունի երկու զաւակ: Անտոնիս այսօր ստանձնած է եկեղեցիին Թաղական խորհուրդի ատենապետութիւնը եւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ, որպէսզի վերաշխուժացնէ հայկական գաղութը:
Կրետէ նստած` կը դիտեմ, բայց նաեւ կը մտածեմ: Սփիւռքի մէջ որքա՛ն պայքար կայ: Պայքար` «պահելու համար արմատները»: Այս պայքարին մէջ կան զոհողութիւններ, ու տակաւին` ջանք եւ նուիրում: Նուիրում` մեր ինքնութեան եւ արմատներուն: Նուիրում` մեր պատմութեան եւ անոր արժանահաւատութեան: Նուիրում` մեր եկեղեցիին եւ ազգային կառոյցներուն: Նուիրում` հայրենիքին եւ անոր սատարումին:
Դարձեալ Աննան. «Ցեղասպանութիւնը մեր պատմութիւնն է: Մոռնալը անկարելի է: Պիտի յիշենք մեր ցաւով լեցուն պատմութիւնը, որպէսզի աւելի ուժեղ ապրինք»:
Յովսէփն է նորէն. «Հայերը մեծ ժողովուրդ են, բայց Հայաստանը պզտիկ է: Պիտի պահենք հայութիւնը եւ Հայաստանը, որպէսզի հռոմէացիներուն վախճանը չունենանք: Հայութիւնը` մեր արմատները, պիտի պահենք»:
Մեր արմատները պիտի պահենք: Հայաստան, սփիւռք եւ ամէն տեղ: Ուր որ հայ կայ:
Աննային արմատները: Կրետէի, իմ եւ համայն հայութեան արմատները:
Պիտի պահենք:
Նիկոսիա, 29 օգոստոս 2024
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ