Որոնել

TOPSHOT-LEBANON-ISRAEL-PALESTINIAN-CONFLICT

2-րդ օրն ըլլալով շարունակելով Լիբանանի վրայ իր յարձակումը` Իսրայէլ Ղպէյրիի մէջ մահափորձ կատարեց

Նեթանիահու նախարարներուն ըսած է, որ Իսրայէլի նպատակը Լիբանանի ճակատին եւ Կազայի ճակատին միջեւ կապը կտրելն է:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ 2-րդ օրն ըլլալով շարունակեց լիբանանեան տարբեր շրջաններու վրայ իր յարձակումները: Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի յայտարարեց. «Այսօր պիտի արագացնենք մեր յարձակումներուն կշռոյթը եւ զայն ամրապնդենք»: Ան աւելցուց. «Հըզպալլային հանգիստ պիտի չտանք, եւ պէտք է ամբողջ ուժով շարունակենք»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երկուշաբթի գիշեր իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդին յայտնած է. «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի վրայ զինուորական ճնշումը կրնայ գերիներու փոխանակման առաջնորդել»:

Նեթանիահու նախարարներուն ըսած է, որ Իսրայէլի նպատակը Լիբանանի ճակատին եւ Կազայի ճակատին միջեւ կապը կտրելն է:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ան իր նախարարներուն յայտնած է, թէ լայնածաւալ պատերազմի մտադրութիւն գոյութիւն չունի, սակայն այդ պատերազմը բացառուած չէ:

Ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ին յայտնեցին. «Հըզպալլայի վրայ ճնշում բանեցնելու մեր բոլոր գործիքները չգործածեցինք: Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնելու գործիքներէն են Պէյրութն ու Հըզպալլայի յենակետը»:

Ամերիկեան աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ին նշած են. «Իսրայէլեան հարուածները Հըզպալլան 20 տարի ետ տարին»:

Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի նախկին անդամ Պենի Կանց յայտնեց. «Կառավարութիւնն ու ապահովական ուժերը հիւսիսի բնակիչները անվտանգ կերպով վերադարձնելու համար աշխատանքը շարունակելու առնչութեամբ ամբողջական աջակցութիւն ունին»:

«Եթէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան հրթիռներ արձակելէ չդադրի, հիւսիսի բնակիչները վերադարձնելու համար պիտի ստիպուինք ցամաքային գործողութիւն կատարել», յայտարարեց ան:

Իսրայէլ երէկ օդային յարձակում գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Ղպէյրի շրջանին վրայ եւ նշեց, որ յարձակումին նպատակը Հըզպալլայի ականաւոր ղեկավարներէն մէկուն ահաբեկումն է:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Բանակը կը հաստատէ Պէյրութի մէջ բարձրաստիճան ղեկավարի մահափորձ կատարելը, եւ արդիւնքը տակաւին յստակ չէ»` աւելցնելով, որ յարձակում գործուած է «ԷՖ-35» տիպի օդանաւերով:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց, որ յարձակումին թիրախը Հըզպալլայի հրթիռային համակարգերու հրամանատարն է:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ յարձակումին հետեւանքով արձանագրուած է 6 զոհ եւ 15 վիրաւոր:

Աւելի ուշ իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Հըզպալլայի հրթիռային համակարգերու հրամանատար Իպրահիմ Մոհամետ Քուպէյսին սպաննուեցաւ:

Միւս կողմէ` Հըզպալլան շարունակեց իսրայէլեան դիրքերու հրթիռակոծումը: Կուսակցութիւնը մասնաւորաբար «Ֆատի 2» հրթիռներով հրթիռակոծեց Հայֆայի հարաւը գտնուող իսրայէլեան «Էլիաքիմ» ռազմակայանը, ինչպէս նաեւ Քիրիաթ Շմոնա եւ Ռոշ Պինա բնակեցման վայրերն ու «Նեֆթալի» ռազմակայանին մէջ 146-րդ զօրախումբին գումակային պահեստանոցները:

Հըզպալլան նաեւ առաջին անգամ ըլլալով օգտագործեց «Ֆատի 3» տիպի հրթիռներ եւ հրթիռակոծեց «Սամսոն» ռազմակայանը:

Երկրին մէջ զարգացող ու շարունակուող կացութեան լոյսին տակ, կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի Լիբանանի մէջ բոլոր դպրոցներու եւ համալսարաններու փակումը մինչեւ շաբաթավերջ երկարաձգեց:

«Հատաս» հաղորդեց, որ աւելի քան 5 հազար անձեր իսրայէլեան գործողութեան սկիզբէն ի վեր սահմանը անցնելով Լիբանանէն Սուրիա մուտք գործած են:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2024, 08:27