Որոնել

Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ժողով Եգիպտոսի մէջ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ժողով Եգիպտոսի մէջ 

Եգիպտոսի մէջ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ժողովին

16-17 Սեպտեմբեր 2024-ին, Եգիպտոսի Սուրբ Պիշոյ վանքին մէջ, ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, գումարուեցաւ Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ժողովը։

Օրերս, Եգիպտոսի Սուրբ Պիշոյ վանքին մէջ, ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, գումարուած է Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ժողովը, որուն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցած են Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան։

16-17 Սեպտեմբեր 2024-ին, Եգիպտոսի Սուրբ Պիշոյ վանքին մէջ, ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, գումարուեցաւ Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ժողովը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցան Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան։

17 եկեղեցիներէ 40 հոգեւորական եւ աշխարհական աստուածաբաններ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ժողովին։

Ժողովը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ, որուն աւարտին ղպտի եկեղեցւոյ պետ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. Պատրիարք բարի գալուստի պատգամ մը ուղղեց։ Ապա, Էմմանուէլ Մետրոպոլիտ կարդաց Ն.Ս. Բարթոլոմիօ Ա. Տիեզերական Պատրիարքին ողջոյնի խօսքը։

Ժողովին նպատակն էր երկու ուղղափառ եկեղեցական ընտանիքներու առաւել մերձեցման եւ ցանկալի միութեան աշխատանքներուն նոր մղում տալ՝ հիմք ընդունելով 1989-ի եւ 1990-ի համաձայնագրերը, որոնց իրագործման մէջ գործօն դերակատարութիւն ունեցած էր Արամ Ա. Կաթողիկոս։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2024, 09:08